Հաբանդ, գրաբար՝ Միւս Հաբանդ, երբեմն ուղղակի Հաբանդ, գաւառ Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի կազմին մէջ, Կարկառ գետիn աջ ափէն մինչեւ Դիզափայտի լեռները եւ Քիրսի լեռնաշղթայէն մինչեւ Մուխանք դաշտիn արեւմտեան եզերքը[1]։

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Հաբանդի տարածքը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ ներկայի ԼՂՀ Մարտունիի եւ Հադրութի շրջաններուն։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հաբանդի Ամարաս աւանին եկեղեցին եւ վանքը հիմնած է Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Հոն ամփոփուած է Գրիգորիսի (Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի թոռան) աճիւնը, որուն վրայ Ե. դարուն Վաչագան Գ. Բարեպաշտ թագաւոր կառուցած է Ս. Գրիգորիս մատուռը։ Նշանաւոր էր Հաբանդի Գտիչ կամ Քթիշ բերդաւանը (ներկայիս Հադրութի շրջան)` համանուն եպիսկոպոսանիստ վանքով։ Գտիչէն ոչ հեռու (ներկայիս Տող եւ Տումի գիւղերուն քով) գտնուող Գոռոզ բերդաւանին (ծանօթ է Ը.-Թ. դարերէն) անունով հայ քերական-մեկնիչները (Համամ Արեւելցի, Վարդան Արեւելցի եւ ուրիշներ) յաճախ Հաբանդի բարբառը կոչած են «Գոռոզի բարբառ», որ առհասարակ Արցախի բարբառն է։ Ուշ միջնադարուն Հաբանդ վարչականօրէն բաժնուած է Դիզակի (հարաւային մասը) եւ Վարանդայի (հիւսիսային մասը) գաւառներուն՝ համանուն մելիքութիւններով, որուն պատճառով մոռցուած է հնագոյն անուանումը։

Տես նաեւ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Թ.Խ. Յակոբեան (1981). Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն. Երեւան։ «Միտք»։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մեծ Հայքի վարչական բաժանումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-26