Հալիձորի բերդ (Հալիձորի Սուրբ Աստուածածինի կուսանաց անապատ), միջնադարեան հայկական պարսպապատ ճարտարապետական համալիր, Սիւնիքի մարզ, Հայաստան։ Հալիձորի բերդին մէջն է եւ անոր պարիսպներուն տակն է որ Դաւիթ Բեկի գլխավորութեամբ հայկական ուժերը տարած են բազմաթիւ փառահեղ յաղթանակներ ու անառիկ պահել ամրոցը:

Հալիձորի բերդը

Աշխարհագրական դիրք

Խմբագրել

Հալիձորի բերդը կը գտնուի Հ․Հ․ Սիւնիքի մարզին մէջ, Ղափան գիւղին մօտ՝ 1 քմ․ դէպի հարաւ-արեւմուտք, Ողջի (կամ Կապանի, Ղափանի) գետին՝ Արաքսի հարկատուներէն, աջ ափին։  Ծովի մակերեսէն բարձրութիւնն է՝ 1․051 մ․։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Պատմութիւն

Խմբագրել

17-րդ դարասկիզբին կառուցուած անապատ կուսավանքը (Ս. Աստուածածինի կուսանաց անապատ), շնորհիւ իր անառիկ դիրքին կը դառնայ հայ Ազատագրական պայքարի կեդրոնը (1720 – 1730) ընդէմ օսմանեան կայսրութեան եւ պարսկական բանակներուն։  Այս պատճառով, Դաւիթ Բեկ կ՛ամրացնէ բերդը։  Ժամանակին, մինչեւ Ողջի գետը երկարող գաղտնի փապուղի մը կար (500 մ․ երկարութեամբ․ յայտնաբերուած է ամրոցի վերականգնման ժամանակ՝ 2007-2009) եւ կը ծառայէր, որպէսզի թարմ ջուրը մատչելի ըլլայ բնակիչներուն համար՝ բերդին պաշարումի ատեն։  2003 թուականին սկսած վերակառուցման աշխատանքները կը վերջանան 2010-ին։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել
 
Հալիձորի բերդին պատերը

Բերդին պատերը՝ անկանոն եւ քառանկիւնաձեւ, կառուցուած են գահաւանդի մը կողին եւ շրջապատուած են խիտ անտառներով։ Բերդին շուրջը, ցիր ու ցան, կան պահուըտելու փոսեր, որոնք կարծես հողատարածքին բաղադրումն են։  Բերդին մէջ կը գտնուին եկեղեցին, անոր հարաւը եւ հիւսիսը կան բնակելի շինութիւններ, իսկ հիւսիսային կողմը կը գտնուի սեղանատունը։ Կան նաեւ աւերակները արեւելեան կողմը գտնուող մատուռի մը, ինչպէս նաեւ շինութեան մը հիմերը՝ ծառայելու իբրեւ բնակարան եւ կամ ուրիշ կառոյցներու համար։ 

Հալիձորի բերդին համալիրին մէջ կը գերիշխէ եկեղեցւոյ կամարայարկ դահլիճը․ կառուցուած է հսկայ քարերով, մանրաքար որմնադրութեամբ։ Խորանին երկու կողմերուն յարակից, կը գտնուին աւանդատուները։ Հիւսիսի եւ հարաւի պատերուն կը գտնուին աւերակները երկյարկանի կամարակապ գաւիթներու։  Անոնց կից շինութեան մը մէջ կը գտնուին չորս տապանաքարեր։  Աւանդութիւնը կ՛ըսէ թէ հոն կը հանգչի Դաւիթ Բեկ։

Բերդը ունի երկու կամարակապ մուտքեր՝ հիւսիսի եւ հարաւի։  Ամրոցի պարիսպին հարաւ-արեւմտեան կողմը կը գտնուի աշտարակ մը, իսկ հարաւ եւ հարաւ-արեւմտեան կողմը՝ տանիք մը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել