Հակապիոթիքներու Դիմադրութեան Դէմ Պայքար

Հակապիոթիքները դեղատեսակներ են, որոնք կ'օգտագործուին պաքթերիա (ցպկային մարմիններ) յառաջացած վարակներու բուժման համար: Հակապիոթիքները տարիներու ընթացքին փրկած են բազմաթիւ կեանքեր:

Այս դեղերու չարաշահումն ու անպէտք օգտագործումը, սակայն, նպաստած են երեւոյթի մը, որ ծանօթ է իբրեւ «հակապիոթիքներու դիմադրութիւն» (Antibiotic resistance): Այս դիմադրութիւնը կը զարգանայ, երբ վնասակար ու գործուն մանրէներ կը նենգափոխուին (mutate) այնպէս, որ նուազեցնեն կամ չէզոքացնեն հակապիոթիքներու արդիւնաւէտութիւնը[1][2]:

Հանրային Առողջութեան Հարցեր

Խմբագրել

Հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմադրութիւնը աճող մտահոգութիւն է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Երբ անհատը կը վարակուի հակապիոթիքի դիմադրող մանրէով, ոչ միայն իր բուժումը աւելի դժուար կ'ըլլայ, այլեւ հակապիոթիքի դէմ դիմացկուն մանրէն կրնայ տարածուիլ այլ մարդոց:

  • Երբ հակապիոթիքները չեն գործեր, հետեւեալները կրնան տեղի ունենալ.
  • Աւելի երկար հիւանդութիւններ,
  • Աւելի բարդ հիւանդութիւններ,
  • Աւելի շատ բժիշկներու այցելութիւններ,
  • Աւելի ուժեղ եւ սուղ դեղատեսակներու օգտագործում,
  • Մանրէական վարակներով աւելի շատ մահուան պարագաներ:

Հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմացկուն դարձած մանրէներու օրինակներ են մաշկի, միզուղիներու, ուղեղատապի (meningitis), սեռական միջոցներով փոխանցուող հիւանդութիւններու եւ շնչուղիներու վարակներ յառաջացնող մանրէները:

Պետական այլ գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեամբ, Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը (FDA) նախաձեռնած է քանի մը միջոցներ` հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմադրութիւնը դիմակայելու համար:

Վարչութիւնը հրապարակած է դեղերու մակնշման կանոնակարգ մը` շեշտը դնելով հակապիոթիքներու խելամիտ ու տրամաբանական օգտագործման վրայ: Կանոնակարգերը կը քաջալերեն առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները` հակապիոթիքներ դեղագրելու միայն դարմանատնային անհրաժեշտութեան պարագային, ինչպէս նաեւ խորհուրդ կու տան հիւանդներուն` նման դեղերու ճիշդ օգտագործման եւ անոնց պատուիրածին պէս գործածելու կարեւորութեան մասին:

Հակապիոթիքները Կը Պայքարին Մանրէներու (Bacteria), Եւ Ոչ Թէ Ժահրերու (Virus) Դէմ

Խմբագրել

Հակապիոթիքները պէտք է օգտագործուին մանրէական վարակներու դիմաց: Օրինակ, անոնք կ'օգտագործուին սթրեփ կոկորդի բուժման համար, որ կը յառաջանայ սթրեփթոքոքըս մանրէէն, կամ` ստաֆիլոքոքային մանրէներէ յառաջացած մաշկի վարակներու պարագային:

Հակառակ անոր որ հակապիոթիքները կ'ոչնչացնեն մանրէները, սակայն անոնք արդիւնաւէտ չեն ժահրերու դիմաց: Հետեւաբար անոնք արդիւնաւէտ չեն ըլլար ժահրային վարակներու դէմ, ինչպիսիք են` մրսածութիւնը (common cold), հազի տեսակներու մեծամասնութիւնը, կոկորդի ցաւերու բազմաթիւ տեսակները եւ կրիփը:

Հակապիոթիքներու Օգտագործումը Ժահրային Վարակներու Դէմ

Խմբագրել
  • Չի բուժեր վարակը,
  • Ուրիշներու ժահրով վարակուելէ չի պաշտպաներ,
  • Չ'օգներ մարդուն աւելի լաւ զգալու,
  • Կրնայ յառաջացնել անտեղի, անպէտք ու վնասակար կողմնակի բարդութիւններ,
  • Կրնայ նպաստել հակապիոթիքակայուն մանրէներու զարգացման,
  • Հիւանդները եւ բուժաշխատողները կրնան կարեւոր դեր խաղալ հակապիոթիքներու դիմացկունութեան դէմ պայքարին մէջ,
  • Հիւանդները պէտք չէ հակապիոթիքներ պահանջեն, երբ առողջապահութեան մասնագէտը ըսէ, որ դեղերը անհրաժեշտ չեն,
  • Առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները պէտք է հակապիոթիքներ դեղագրեն միայն այն վարակներուն, որոնք, իրենց կարծիքով, յառաջացած են մանրէներէ:

Ժահրային կամ մանրէական վարակի տարբերութիւն

Խմբագրել

Դեղերու գնահատման եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի բժշկական պատասխանատու Ժոզեֆ Թըռնըր կ'ըսէ, թէ մրսածութեան կամ կրիփի ախտանիշները (ժահրային վարակ) կը նուազին մէկ շաբթուան ընթացքին: Բայց եթէ անհատը տաքութիւն ունենայ եւ այլ ախտանիշներ, որոնք կը տեւեն ու կը վատթարանան օրերու ընթացքին, կրնայ ունեցածը պաքթերիական վարակ ըլլալ եւ այս պարագային հարկ է խորհրդակցիլ բուժաշխատողին հետ:

Հետեւիլ Ճիշդ Օգտագործման Հրահանգներուն

Խմբագրել

Երբ բժիշկը հակապիոթիք դեղագրէ պաքթերիական վարակ բուժելու համար, կարեւոր է դեղը առնել ճիշդ այնպէս, ինչպէս նշուած է:

Հակապիոթիքներու ճիշդ օգտագործումը խթանելու կարգ մը խորհուրդներ.

  • Հակապիոթիքները առնել սահմանուածին պէս,
  • Կարեւոր է դեղորայքը առնել բժիշկի նշանակածին համաձայն, նոյնիսկ եթէ ընթացքին հիւանդը ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ,
  • Եթէ բուժումը շատ շուտ դադրի, եւ անհատը կրկին հիւանդանայ, մնացած պաքթերիաները կրնան դիմացկուն դառնալ իր ընդունած հակապիոթիքին նկատմամբ:

Շշրջանցել չափաբաժինները (doses).

Խմբագրել
  • Հակապիոթիքները աւելի արդիւնաւէտ են, երբ անոնք կ'առնուին սահմանուած կարգով:
  • Պէտք չէ խնայել հակապիոթիքները. հիւանդը կրնայ մտածել, որ կարելի է հակապիոթիքը պահել յաջորդ անգամ, երբ հիւանդանայ, բայց հակապիոթիքը նախատեսուած է ճիշդ վարակին համար: Երբեք պէտք չէ ընդունիլ այս դեղերու մնացորդացը: Սխալ դեղամիջոց ընդունիլը կրնայ ուշացնել բուժումը եւ անհատին առողջական վիճակը վատթարացնել:
  • Պէտք չէ առնել ուրիշին համար նախատեսուած հակապիոթիքներ. անոնք կրնան համապատասխան չըլլալ անհատին հիւանդութեան, կրնան ուշացնել բուժումը եւ առողջական վիճակը վատթարացնել:
  • Խօսիլ առողջապահութեան մատակարարին հետ. հարցնել, կողմնորոշուելու համար:
  • Բոլոր դեղերը ունին կողմնակի ազդեցութիւններ. հարկ է առողջապահութեան մասնագէտին, եթէ նոր կամ անսովոր ախտանիշներ կամ կողմնակի ազդեցութիւններ տեղի ունենան: Թերեւս անհաճոյ կողմնակի ազդեցութիւն ունեցող հակապիոթիքի դադրեցումը անհրաժեշտ ըլլայ:

Ի՞նչ կ'ընէ FDA-ը

Խմբագրել

FDA-ը հակապիոթիքներու դիմադրութեան դէմ կը պայքարի հետեւեալ ձեւերով.

Որոշակի նոր հակապիոթիքներու հաստատում. 2015-էն FDA-ը հաստատած է նոր հակապիոթիքներ, որոնք կրնան բուժել որոշակի դիմացկուն պաքթերիաներ: Առողջապահութեան մասնագէտներուն խորհուրդ կը տրուի օգտագործելու նոր հակապիոթիքները պատշաճ կերպով, իսկ որոշ հակապիոթիքներու պարագային, օգտագործել զանոնք միայն այն հիւանդներու մօտ, որոնք ունին բուժման սահմանափակ տարբերակներ:

Պիտակաւորման (labeling) կանոնակարգեր, որոնք կը վերաբերին հակապիոթիքներու պատշաճ օգտագործման. Հակապիոթիքներու պիտակաւորումը բազմաթիւ շրջաններու մէջ կը պարունակէ թելադրանքներ, որոնք խորհուրդ կու տան բուժաշխատողներուն, որ այս դեղերը պէտք է օգտագործուին միայն այն վարակներու բուժման համար, որոնք ենթադրաբար կը յառաջանան պաքթերիաներէ: Պիտակաւորումը նաեւ կը խրախուսէ բուժաշխատողները խորհուրդ տալու հիւանդներուն` դեղերու պատշաճ օգտագործման համար:

Համագործակցութիւն` հանրային իրազեկուածութիւնը խթանելու համար.
Խմբագրել

FDA-ը կը համագործակցի Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններուն հետ (CDC) «Դարձէք խելացի. գիտցէք` հակապիոթիքները ե'րբ կը գործեն» քարոզարշաւով, որ կ'առաջարկէ կայքէջեր, տեղեկատուական թերթիկներ եւ այլ տեղեկատուական աղբիւրներ, որոնք միտուած են հանրութիւնը լուսաբանելու` հակապիոթիքներու դիմացկուն վարակները կանխարգիլելու համար:

Խրախուսել նոր հակապիոթիքներու մշակումը. FDA-ը արդիւնաբերութեան համար մշակած է ուղեցոյցներ այն քլինիքական ուսումնասիրութիւններու տեսակներուն վերաբերեալ, որոնք կրնան իրականացուիլ` գնահատելու, թէ ինչպէ'ս հակապիոթիքները կ'աշխատին տարբեր տեսակի վարակներու բուժման համար: FDA-ը կազմակերպած է սեմինարներ եւ մասնակցած է անոնց: Այդ սեմինարներուն նպատակը եղած է մշակումը նոր հակապիոթիքներու, որոնք պիտի բուժեն դիմացկուն պաքեթրիաներու վարակները:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել