Ուղեղային Կաթուած
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ուղեղային կաթուած-ը կը յառաջանայ երբ ուղեղի արեան մատակարարումը զգալի ձեւով կը նուազի եւ կամ բոլորովին կը կասեցուի, որուն հետեւանքով ուղեղի հիւսկէնները կը վնասուին եւ բջիջները կ'ոչնչանան եւ այս պարագային ուղեղի գործունէութիւնը կ'արագանայ, որմէ ետք անակնկալօրէն կը դադրի:
Անուանում
ԽմբագրելՈւղեղային կաթուածը յաճախ ունի քանի մը անուանում՝ ուղեղազարկերակային կաթուած կամ ուղեղանօթային անակնկալ արկած-պատահար (CVA-cerebrovascular accident):
Պատճառներ
ԽմբագրելՈւղեղային կաթուածը տեղի կ'ունենայ հիմնական երկու պատճառներու հետեւանքով.-
- Ներուղեղային պատճառներ
- Արտա-ուղեղային պատճառներ
Ներուղեղային պատճառներ
ԽմբագրելՈւղեղի տեղային ժամանակաւոր սակաւարիւնութիւն (Ischemia)
ԽմբագրելԱյս պարագային արեան հոսքը զգալիօրէն կը նուազի եւ կամ կը դադրի, որուն իբրեւ հետեւանք կը վնասուին ու կը մահանան ուղեղի հիւսկէնները: Ուղեղի այս սակաւարիւնութինւը կը յառաջանայ ուղեղի զանազան չափի զարկերակներու խցանումով, որոնց պատճառներն են հետեւեալները.
- Զարկերակներու ախտաբանական կարծրացում-պնդութիւն (arteriosclerosis), որոնք կը յառաջանան ժամանակի ընթացքին:
- Զարկերակներու խցում՝ տեղային արիւնախցիկներով (thrombosis), որոնք ժամանակի ընթացքին կը կազմուին զարկերակներու ներքին պատերուն վրայ: