Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեան
Տ. Համազասպ Քհնյ. Շաքարեան, Աւադանի անունով Եղեկիէլ, որդի Կարապետի եւ Թրվանտայի, ծնած է Զէյթունցի ծնողքէ, Հալէպ, 1925 թուականին։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Ազգ. Սահակեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ծնողքին նիւթական պայմանները չեն ներեր ուսումը շարունակելու։ Հետեւաբար, հարկադրուած՝ կը հետեւի արհեստի եւ կը սորվի կօշկակարութիւն։
Տարիներու յարատեւ աշխատանքով իր տնտեսական վիճակը քիչ մը բարելաւելէ ետք՝ կը պատրաստուի ամուսնութեան։
Եղեկիէլի կեանքի ընկերը կ'ըլլայ Աւետիսի եւ Եսթերի դուստրը՝ Սիրվարդը, որուն հետ կը պսակուի Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, 1957 թուականին, ձեռամբ Զէյթունցի Տ. Խաչատուր Ա. քհնյ. Գերմանիկեանի եւ կ'ունենայ չորս զաւակներ՝ Յասմիկ, Սեղա, թալին եւ Գէորգ։
Եղեկիէլ եթէ մէկ կողմէն իր բոլոր ճիգերը ի գործ դրած է ապրուստը հոգալու՝ իբրեւ մարդ, միւս կողմէ երբեք չէ դլացած իր հոգիին պարտքը կատարելու կրօնական արժէքներով հոգին հարստացնելու։
Ան մանկութենէն կապուած է Հայ եկեղեցւոյ։ եղած է դպիր Ս.Գէորգ եւ ապա Ս.Գէորգ եւ ապա Ս.քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Առ ի գնահատանք տարիներու հետեւողութեան։ ստացած է ուրար[1]։
Ծանօագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր Բ, Հալէպ, էջ էջ287։