Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ), գործադիր իշխանութեան հանրապետական մարմին, որ կը մշակէ եւ կ՚իրականացնէ ազգային անվտանգութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան մարմիններու կառավարումը։ Այն կը համարուի Հայաստանի գլխաւոր յատուկ ծառայութիւնը։

Administrative Building of the National Security 03.JPG
National Security Service of the Republic of Armenia.png

ՊատմութիւնԽմբագրել

Հայաստանը ունի Ազգային անվտանգութեան եւ Ներքին գործերու նախարարութիւններու մէկ գերատեսչութեան մէջ միաւորման փորձ։ Այս իրավիճակը տեւեց 1996-էն մինչեւ 1999։ ԱԱԾ կազմի մէջ կը մտնեն ե՛ւ յետախուզութիւնը, ե՛ւ սահմանապահ զօրքերը, ե՛ւ ծածկագրողները, ե՛ւ ՀՀ պետական պահպանութեան ծառայութիւնը։

ՀամակարգԽմբագրել

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը Արթուր Վանեցեանն է (10 Մայիս 2018)։

Ընդհանուր տեղեկատուութիւնԽմբագրել

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն

  • Արթուր Վանեցեան

Տեղակալներ

  • Ստեփան Մելքոնեան
  • Արամ Յակոբեան
  • Էդուարդ Մարտիրոսեան

Հետյեղափոխական շրջանԽմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ ծաւալուած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սկսաւ աշխատիլ այլ ոճով, ԱԱԾ-ն սկսաւ հասարակութեան մէջ մեծ յարգանք վայելել։ Մասնաւորապէս ԱԱԾ-ն բացայայտեց շարք մը ընկերութիւններու կողմէ կատարուած չարաշահումները եւ կաշառակերութիւնը։

  • ՀՀ Սահմանային պահպանութիւն
  • Հայաստանի զինուած ուժեր

ԱղբիւրներԽմբագրել