Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը

Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը ընդունուած է 23 Օգոստոս 1990-ին, Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նստաշրջանին: Խորհրդարանին որոշումով` 21 Սեպտեմբեր 1991-ին կատարուած է հանրաքուէ, Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ անկախ պետականութիւն հռչակելու առաջադրանքով:

Հանրաքուէն կատարուեած է խորհրդային ընտրական օրէնսգիրքի տրամադրութիւններուն համաձայն: Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցած է 2 միլիոն 163 հազար 967 անձ, որոնցմէ մասնակցած է 2 միլիոն 56 հազար 792 անձ, այսինքն` 95.5 առ հարիւր համեմատութիւնը: Անկախութեան թեր քուէարկած է 2 միլիոն 42 հազար 617 անձ. դէմ` քուէարկողներուն 0.46 առ հարիւր համեմատութիւնը:

Անկախութեան հանրաքուէին ընթացքին հետեւած է 117 դիտորդ` 25 երկիրներէ:

Ընտրութենէն երկու օր ետք, 23 Սեպտեմբեր 1991-ին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հրապարակած է քուէարկութեան պաշտօնական արդիւնքները:

Հանրաքուէին արդիւնքները խորհրդարանի ամպիոնէն հրապարակած է Բաբգէն Արարքցեան, իսկ Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին որոշումը ընթերցած է երեսփոխան Արամ Մանուկեան:

Նոյն օրը Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս յատուկ ջերմութեամբ ողջունած ու օրհնած է քաղաքացիներու որոշումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը[1]:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը կը սկսի հետեւեալ պարբերութեամբ՝

Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրում հաստատագրւած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներն ու համազգային նպատակները … ընդունում է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը[2]։


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «31-Ամեակ Հայաստանի Անկախութեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-12-17 
  2. Հայաստանի Սահմանադրութիւն