Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Վիճակագրական Ծառայութիւն

Հայաստանի վիճակագրական համակարգը սկսած է գործել 1921-ին, երբ հիմնուած է Հայաստանի խորհրդային հանրապետութիւնը: Մինչեւ 1990, Հայաստանի կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան վիճակագրական աշխատանքը իրականացած է խորհրդային միութեան կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան անմիջական ղեկավարութեան տակ, որ կը կրէ լիակատար պատասխանատուութիւն հանրապետութեան մէջ վիճակագրական աշխատանքներու կազմակերպման համար։ 2000-ին Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ հանրային շահին ուղղուած գործառոյթներ իրականացնող մարմինն է, որու հարցերուն իրականացումը անկախ է Հայաստանի հանրապետութեան պետական եւ տեղեկատուական ինքնակառավարման մարմիններէն։ Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ն կ'իրականացնէ պետական վիճակագրական աշխատանքը եւ կը համակարգէ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Ծառայութիւնը՝ որպէս պետական վիճակագրութիւն իրականացնող մարմին, կ'իրականացնէ ընկերա-տնտեսական գործընթացներու, բնակչութեան եւ անոր կենսագործունէութեան ոլորտներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներու հաւաքագրման, մշակման, կուտակման, ամփոփման, պահպանման, ինչպէս նաեւ վերլուծութեան, փոխանակման եւ վիճակագրական տեղեկատուութեան տրամադրման (հրապարակման) հետ կապուած աշխատանքներ[1]:

Առաքելութիւնն ու նպատակները

Խմբագրել

Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ի հիմնական առաքելութիւնն է հաւաքագրել եւ հրապարակել վիճակագրական տուեալներ կառավարութեան եւ հասարակութեան օգտագործման համար։ Կարեւորագոյն նպատակներէն է սպառողներուն շուկայի պահանջարկին համապատասխան վիճակագրական արտադրանքի տրամադրումը։ Ծառայութեան հիմնական նպատակն է՝

  • տնտեսական եւ հասարակական գործընթացներու եւ անոնց արդիւնքներուն վերաբերեալ վիճակագրական տեղեկատուութեան համակարգին կազմակերպումը, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, իրաւաբանական անձերուն, հիմնարկներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրութեան սահմանուած կարգով տեղեկատուութեամբ ապահովումը,
  • միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ընդունուած չափանիշներուն համապատասխան վիճակագրութեան միասնական մեթոտաբանութեան ապահովումը,
  • վիճակագրական աշխատանքներու կազմակերպման համար անհրաժեշտ արհեստատնտեսական եւ ընկերային տեղեկատուութեան դասակարգիչներու վարումը,
  • վիճակագրական տեղեկատուութեան աղբիւր հանդիսացող փաստաթուղթերու ձեւերուն մշակման համակարգումը,
  • միջ-գերատեսչական տեղեկատուական աղբիւրներու համադրելիութեան նպատակով պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, ինչպէս նաեւ պետական վիճակագրական աշխատանքներու ծրագիրին մէջ նշուած կազմակերպութիւններուն՝ վիճակագրական տեղեկատուութեան սեփական հիմքեր ստեղծելու աջակցութիւնը,
  • պետական ամփոփ վիճակագրական տեղեկատուութեան մատչելիութեան ապահովումը,
  • մարդահամարներ։[2]

Կառուցուածք

Խմբագրել

Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ն կազմուած է նախագահէն եւ ծառայութեան աշխատակազմէն։ Ծառայութեան աշխատակազմին կառավարման բարձրագոյն մարմինը Հայաստանի հանրապետութեան վիճակագրութեան պետական խորհուրդն է, որ կ'իրականացնէ պետական վիճակագրութեան բնագաւառին մէջ քաղաքականութեան մշակումը, երկարաժամկէտ միջոցառումներու նախագծումը, կարգաւորումը, կազմակերպումը, պետական վիճակագրական աշխատանքներու ծրագիրի իրագործման նկատմամբ վերահսկողութեան իրականացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ պետական վիճակագրական աշխատանքներու ծրագիրով նախատեսուած վարչական վիճակագրութեան համակարգումը։ Խորհուրդը՝

  1. կը հաստատէ պետական վիճակագրական աշխատանքներու եռամեայ ծրագիրի նախագիծը,
  2. կը հաստատէ պետական վիճակագրական աշխատանքներու տարեկան ծրագիրը Հայաստանի հանրապետութեան պետական ելեւմտացոյցի հաստատումէն ետք՝ մէկ ամսուան ժամկէտի ընթացքին,
  3. կը վերահսկէ պետական վիճակագրական աշխատաքներու ծրագիրի կատարումը եւ կը հաստատէ տարեկան ծրագիրի կատարման հաշուետուութիւնը,
  4. կ'ընդունի վիճակագրութեան բնագաւառի իրաւական օրէնքներ,
  5. կ'իրականացնէ այլ լիազօրութիւններ։

Ծառայութիւնը կը կառավարէ նախագահը։ Նախագահը ունի տեղակալ, որուն պաշտօնը կը նշանակուի խորհուրդին կողմէ՝ ծառայութեան նախագահին նեկայացումով։

Ծառայութեան նախագահ[3]

  • Ստեփան Մնացականեան

Նախագահի տեղակալ

  • Լեւոն Միրզոյեան

Նախագահի գլխաւոր խորհրդական

  • Ճուլիեթա Միրզոյեան

Գծային ստորաբաժանումներ

Խմբագրել
  1. տնային տնտեսութիւններու հետազօտութիւններու բաժին,
  2. ընկերային ոլորտի եւ բնապահպանութեան վիճակագրական բաժին,
  3. աշխատանքի վիճակագրութեան բաժին,
  4. մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժին,
  5. գիներու վիճակագրութեան եւ միջազգային համադրումներու բաժին,
  6. վիճակագրական աշխատանքներու մեթոտաբանութեան եւ դասակարգիչներու բաժին,
  7. եկամուտի վիճակագրութեան բաժին,
  8. արդիւնաբերութեան վիճակագրութեան բաժին,
  9. գիւղատնտեսութեան վիճակագրութեան բաժին,
  10. փոխադրութեան վիճակագրութեան բաժին,
  11. շինարարութեան վիճակագրութեան բաժին,
  12. առեւտուրի եւ այլ ծառայութիւններու բաժին,
  13. միջազգային վիճակագրական համագործակցութեան բաժին,
  14. ամփոփ վիճակագրութեան, եւ հրապարակումներու բաժին։[3]

Գործառնութեան ստորաբաժանումներ

Խմբագրել
  1. իրաւաբանական բաժին,
  2. տպագրակազմարարական եւ պատճէնահանման աշխատանքներու բաժին
  3. վիճակագրական հաշուետուութիւններու հաշուառման եւ վերահսկման բաժին,
  4. հաշուապահական հաշուառման բաժին,
  5. ելեւմտացուցային ծրագրաւորման բաժին,
  6. տնտեսական բաժին,
  7. յատուկ բաժին,
  8. ընդհանուր բաժին։[3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել