Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, պետութեան գլուխն է։ Հանրապետութեան նախագահը կը հետեւի Սահմանադրութեան պահպանման: Քապահովէ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բնականոն գործունէութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորն է։

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Արմէն Սարգիսեան

Հանրապետութեան նախագահը անձեռնմխելի է։ Հանրապետութեան նախագահը իր լիազօրութիւններու ժամկէտին մէջ եւ ատկէ ետք չի կրնար հետապնդուիլ եւ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ իր կարգավիճակէն բխող գործողութիւններուն համար։ Իր կարգավիճակի հետ չկապուած գործողութիւններու համար Հանրապետութեան նախագահը կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ իր լիազօրութիւնները աւարտելէն ետք։

ՀՀ նախագահները

Խմբագրել

     Նախագահի պաշտօնակատար
     Անկուսակցական
     Առաջադրուած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ

Հ/Հ Նախագահը Լուսանկարը Պաշտոնավարման ժամկէտը Պաշտոնավարման տեւողութիւնը Կուսակցական պատկանելութիւնը
1 Լեւոն Տէր-Պետրոսեան
 
11 Նոյեմբեր 1991 11 Նոյեմբեր 1996 2278 օր Անկուսակցական
Հայոց Համազգային Շարժում (1990 - 1991)
11 Նոյեմբեր 1996 4 Փետրուար 1998[Ն 1]
2 Ռոպերթ Քոչարեան
(4 Փետրուար 1998-էն մինչեւ 9 Ապրիլ 1998

ՀՀ Նախագահի պաշտօնակատար)

 
4 Փետրուար 1998 9 Ապրիլ 1998 65 օր Անկուսակցական
9 Ապրիլ 1998 9 Ապրիլ 2003 3653 օր
9 Ապրիլ 2003 9 Ապրիլ 2008
3 Սերժ Սարգսեան 9 Ապրիլ 2008 9 Ապրիլ 2013 1826 օր Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան
նախագահ
9 Ապրիլ 2013 9 Ապրիլ 2018 Գործող նախագահ
Պաշտօնավարման ժամկէտը կը վերջանայ 9 Ապրիլ 2018-ին

ՀՀ Սահմանադրութեան 60-րդ յօդուածին համաձայն, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու ատեն մինչեւ նորընտիր նախագահի կողմէ պաշտօնի ստանձնումը, անոր պարտականութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը, իսկ եթէ այդ հնարաւոր չէ վարչապետը։

Պաշտօնի հիմնադրումը

Խմբագրել

Պաշտօնը հիմնադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի 21 Յունիս 1991-ի որոշմամբ՝ սահմանելով, որ ընտրութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ընդհանուր, հաւասար եւ ուղղակի ընտրական իրաւունքի հիման վրայ գաղտնի քուէարկութեամբ տեղի քունենայ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 1991։ Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի 25 Յունիս 1991-ի որոշմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները նշանակուեցան 16 Հոկտեմբեր 1991-ին, Չորեքշաբթի օրը։

Ընտրութեան կարգը

Խմբագրել
 
Նախագահի նստավայրը

Հանրապետութեան նախագահը քընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կողմէ՝ հինգ տարուայ ժամկէտով։ Հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ երեսունհինգ տարեկանէ վէր, վերջին տասը տարիներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, այլ պետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող, վերջին տասը տարիներուն Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակուող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ։ Նոյն անձը չի կրնար աւելի քան երկու անգամ անընդմէջ ընտրուիլ որպէս հանրապետութեան նախագահ։

Հանրապետութեան նախագահը քընտրուի սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով սահմանուած կարգով։ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը տեղի քունենայ անոր լիազօրութիւններու աւարտէն յիսուն օր առաջ։

Եթէ քուէարկուած է երկուքէ աւելի թեկնածու, եւ անոնց ոչ մէկուն կողմ չեն քուէարկած անհրաժեշտ թիւով ընտրողներ, ապա քուէարկութենէն ետք՝ տասնչորրորդ օրը, տեղի քունենայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլ։

Եթէ հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, ապա կը նշանակուի նոր ընտրութիւն, իսկ քուէարկութիւնը տեղի քունենայ նոր ընտրութիւն նշանակուելէն ետք՝ քառասուներորդ օրը։

Հանրապետութեան նախագահը իր պաշտօնը կը ստանձնէ հանրապետութեան նախորդ նախագահի լիազօրութիւններուն աւարտման օրը։ Նոր կամ արտահերթ ընտրութեան միջոցավ ընտրուած հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը կը ստանձնէ ընտրութենէն ետք՝ քսաներորդ օրը։

Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներէն մէկուն համար անյաղթահարելի խոչընդոտներ առաջանալու դէպքին, հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւնը կը յետաձգուի երկշաբաթեայ ժամկէտով։ Մինչեւ քուէարկութեան օրը թեկնածուներէն մէկուն մահուան դէպքին կը նշանակուի նոր ընտրութիւն, իսկ քուէարկութիւնը տեղի քունենայ նոր ընտրութիւն նշանակուելէն ետք՝ քառասուներորդ օրը։

Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի, մահուան, կամ լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան կը նշանակուի հանրապետութեան նախագահի արտահերթ ընտրութիւն, իսկ քուէարկութիւնը տեղի քունենայ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէն ետք՝ քառասուներորդ օրը։

Ռազմական եւ արտակարգ դրութեան ժամանակ, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը տեղի չունենար, իսկ հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ իր լիազօրութիւններու իրականացումը։ Այս դէպքին ռազմական կամ արտակարգ դրութեան աւարտէն ետք՝ քառասուներորդ օրը, տեղի քունենայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը։

Երդմնակալութիւն

Խմբագրել

Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը կը ստանձնէ օրէնքով սահմանուած կարգով՝ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին մէջ, ժողովուրդին տրուած հետեւեալ երդումով. «Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնը՝ երդուում եմ. անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները՝ յարգել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի:»:

Լիազօրութիւններ

Խմբագրել

Հանրապետութեան նախագահը՝

  1. Ուղերձով կը դիմէ ժողովուրդին եւ Ազգային ժողովին.
  2. Ազգային ժողովի ընդունած օրէնքը ստանալէն ետք՝ քսանմէկօրեայ ժամկէտով կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ այն։ Այդ ժամկէտով կրնայ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած օրէնքը առարկութիւններով, առաջարկութիւններով վերադարձնել Ազգային ժողով՝ պահանջելով նոր քննարկում։ Հնգօրեայ ժամկէտով կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի կողմէ վերստին ընդունուած օրէնքը.
  3. Կ'արձակէ Ազգային ժողովը եւ կը նշանակէ արտահերթ ընտրութիւն, եթէ Ազգային ժողովը երկու անգամ անընդմէջ երկու ամսուայ ընթացքին հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագրին։
    Հանրապետութեան նախագահը Ազգային ժողովի նախագահի կամ վարչապետի առաջարկով կրնայ արձակել Ազգային ժողովը, եթէ՝
    • Ազգային ժողովը հերթական նստաշրջանի երեք ամսուայ ընթացքին որոշում չկայացնէ կառավարութեան որոշմամբ անյետաձգելի համարուող օրէնքի նախագիծ մը.
    • Հերթական նստաշրջանի ընթացքին Ազգային ժողովի նիստերը երեք ամիսէ աւելի չեն գումարուիր.
    • Հերթական նստաշրջանի ընթացքին Ազգային ժողովը երեք ամիսէ աւելի իր կողմէ քննարկուող հարցերու որեւէ որոշում չի կայացներ։
  4. Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւոր տեղերու բաշխման եւ պատգամաւոր խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ վարչապետ կը նշանակուի պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձը, իսկ եթէ այդ հնարաւոր չէ, ապա աւելի մեծ թիւով պատգամաւորներու վստահութիւնը վայելող անձը։ Հանրապետութեան նախագահը վարչապետ կը նշանակէ, կառավարութեան հրաժարականը ընդունումէն ետք՝ տասնօրեայ ժամկէտով։ Կառավարութիւնը կը կազմուի վարչապետի նշանակումէն ետք՝ քսանօրեայ ժամկէտով։ Հանրապետութեան նախագահը վարչապետի առաջարկով կը նշանակէ կառավարութեան անդամները։
    Հանրապետութեան նախագահը կ'ընդունի կառավարութեան հրաժարականը նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստի, հանրապետութեան նախագահի կողմէ իր պաշտօնը ստանձնելու, կառավարութեան անվստահութիւն յայտնուելու, կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն չտալու, վարչապետի կողմէ հրաժարական ներկայացուելու կամ վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու օրը։ Հանրապետութեան նախագահի կողմէ կառավարութեան հրաժարականի ընդունումէն ետք, կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը.
  5. Կը կազմէ ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ կրնայ կազմել խորհրդակցական այլ մարմիններ.
  6. Կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, կ'իրականացնէ արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ղեկավարումը, եւ կը կնքէ միջազգային պայմանագրեր.
  7. Կը նշանակէ արդարադատութեան խորհուրդի երկու իրաւաբան գիտնական անդամներ.
  8. Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է, եւ կը նշանակէ զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը.
  9. Կը լուծէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան եւ քաղաքական ապաստան տալու հետ կապուած հարցերը.
  10. Կը պարգեւատրէ Հայաստանի Հանրապետութեան շքանշաններով եւ մետալներով, կը շնորհէ բարձրագոյն զինուորական եւ պատուաւոր կոչումներ, բարձրագոյն դիւանագիտական եւ այլ դասային աստիճաններ.
  11. Ներում կը շնորհէ դատապարտեալներուն.
  12. Կը ձեւաւորէ իր աշխատակազմը.
  13. Կը նշանակէ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները.
  14. Կրնայ առաջարկել Ազգային ժողովի նախագահին հրաւիրելու զայն Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանի կամ նիստի.
  15. Օրէնքով սահմանուած կարգով կը նշանակէ հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովի չորս անդամ.
  16. Կրնայ վարչապետի առաջարկութեամբ նախարարներէն մէկուն նշանակել փոխվարչապետ.
  17. Կրնայ մէկ ամսուայ ժամկէտով կասեցնել կառավարութեան որոշման գործողութիւնը եւ դիմել սահմանադրական դատարան.
  18. Վարչապետի ներկայացմամբ կը սահմանէ կառավարութեան եւ անոր ենթակայ պետական կառավարման այլ մարմիններու գործունէութեան կազմակերպման կարգը.
  19. Կրնայ հրաւիրել եւ վարել կառավարութեան նիստ, արտաքին քաղաքականութեան, պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով.
  20. Կը վաւերացնէ մարզպետներ նշանակելու մասին կառավարութեան որոշումները.
  21. Կրնայ Ազգային ժողովին ներկայացնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծ.
  22. Սահմանադրութեան 111-րդ եւ 112-րդ յօդուածներով եւ «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով նախատեսուած դէպքերուն կը նշանակէ հանրաքուէ։

Նախագահին կողմէ հրապարակուող իրաւական որոշումները

Խմբագրել

Հանրապետութեան նախագահը կը հրապարակէ հրամանագիրներ եւ կարգադրութիւններ, որոնք չեն կրնար հակասել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն։

Նախագահին կազմած խորհրդակցական մարմինները

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 6-րդ կէտի համաձայն կազմուած մարմիններն են՝

  • Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդը
  • Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կից անվտանգութեան ուժի խորհուրդը
  • Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առնթեր քաղաքացիութեան հարցերու յանձնաժողով
  • Սեւանայ լիճի հիմնահարցերու յանձնաժողով
  • Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողով
  • Հայկական տպագրութեան հիմնադրման 500-ամեակի միջոցառումները նախապատրաստող պետական յանձնաժողով
  • Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնադրման 70-ամեակի տօնակատարութեան միջոցառումներու յանձնաժողով

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել


Մէջբերման սխալ՝ <ref> tags exist for a group named "Ն", but no corresponding <references group="Ն"/> tag was found