Հայկական Հարցը եւ Հայերու Ցեղասպանութիւնը Պատմագրութեան Մէջ

Հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութիւնը պատմագրութեան մէջ, Հայկական հարցի եւ հայերու ցեղասպանութեան բազմերես խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ առաջացած է մեծաքանակ պատմական գրականութիւն՝ աշխատութիւններ, փաստաթղութերու ու վաւերագիրներու ժողովածուներ, յուշագրութիւններու եւ այլն հրապարակումներ: Խնդիրը ուսումնասիրած եւ կ՛ուսումնասիրեն ոչ միայն հայ պատմաբանները, այլեւ օտարները՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, եւրոպական ու մերձաւորարլեւելեան երկիրներու գիտնականները: Իրադարձութիւններու իր տեսակէտը առաջ կը քաշէ նաեւ թրքական պատմագրութիւնը, որ կը ձգտի ամէն կերպ արդարացնել Թուրքիոյ ղեկավար շրջաններու յանցաւոր գործողութիւնները, անոնց հակահայկական քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած գրականութիւնը կը տարբերուի ոչ միայն ժամանակի առումով, այլեւ մեթոդաբանական մօտեցումներով, պատմական նիւթի քննութեան հաւաստիութեան եւ օբյեկտիւութեան աստիճանով, որ պայմանաւորուած է ինչպէս հետագօտողներու տարբեր ձեւաբանական դպրոցներու պատկանելութեամբ, այնպէս ալ այլ խնդիրներով (գիտական կամ քաղաքական իրադրութենէն ելլելով), որոնք դրած են տարբեր երկիրներու հեղինակները: Հետաքրքրութիւնը խնդիրի նկատմամբ չի թուլնար, ընդհակառակը, շատ երկրներու մէջ ստեղծուող պատմական գրականութիւնը կը վկայէ, որ հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութեան խնդիրը կը մնան միջազգային պատմագրութեան, հետեւաբար եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը: