Հայկական Ֆիզիկական Հանդէս

Հայկական ֆիզիկական Հանդէսը (անգլերէն՝ Armenian Journal of Physics) վերանայուած ֆիզիկայի գիտական ելեկտրոնային եւ ազատ մատչելիութեամբ եռամսեայ հանդէս է, որ լոյս կը տեսնէ 2008 թուականէն։ Հրատարակիչն է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան, եւ այն կը հրատարակուի միայն առցանց։ Այն կ՚ընդունէ բնօրինակ ներդրումներ, վերանայող յօդուածներ, կարճ հաղորդակցութիւններ, ասուլիսի արձանագրութիւններ, համակարգչային ծրագրեր, ասպիրանտուրայի թեզերու կարճ պարունակութիւններ, ինչպէս նաեւ այլ գիտական տեղեկատուութիւն տեսական, փորձառական, եւ կիրառական ֆիզիկայի եւ ելեկտրոնիկայի մէջ, որոնք գրուած են անգլերէնով, եւ կարող են ըլլալ աշխարհի որեւէ երկրէ[1]։

Հայկական Ֆիզիկական Հանդէս
Տեսակ հանդէս
Լեզու անգլերէն
Խմբագիր Փրոֆ. Վլատիմիր Արութիւնեան
Հրատարակիչ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Երկիր Հայաստան - Առցանց
Կայք flib.sci.am/eng/journal/…

Յօդուածները ընդունուելէ ետք անմիջապէս կը տեղադրուին համացանցին մէջ։ Յօդուածները մատչելի են բոլորին՝ անվճար, հնարաւորինս տարածուած ունկնդիրներուն հասանելի ըլլալու համար։ Հանդէսի կայքը նաեւ կ՚օգտագործէ համացանցը՝ տեղադրելու դինամիկ, բացմագոյն գրաֆիկներ եւ յղումներ ներքին եւ արտաքին աղբիւրներու[2]։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. «Հանդեսի նպատակը (անգլերեն)»։ արտագրուած է՝ 2009-12-25 
  2. «Հայկական ֆիզիկական հանդես (անգլերեն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ հուլիսի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ դեկտեմբերի 25