Ազատեան Հայկ (19-րդ դար - 1 Ապրիլ 1937(1937-04-01), Գահիրէ, Եգիպտոս), փաստաբան խառն դատարանի։

Հայկ Ազատեան
Ծնած է 19-րդ դար
Մահացած է 1 Ապրիլ 1937(1937-04-01)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մասնագիտութիւն փաստաբան

Զաւակ Բաբերդ ծնած հայու մը` Հրանդ Ազատեանի։ Հայկ Ազատեան, որ իր ուսումը օտար շրջանակներու մէջ առած էր, հակառակ անոր ազգասէր հայ մըն էր, ազդուած իր յեղափոխական հօրմէն։

Իրաւագիտական եւ լեզուագիտական բացառիկ կարողութիւններուն շնորհիւ Ազատեան կը կատարէ շատ կարեւոր դեր մը իր կամաւորական կեանքին մէջ, իբր միջնորդ հայկական Լեգէոնի ֆրանսական սպայակոյտին եւ հայ զինուորներու միջեւ եւ իրեն կը յանձնուի յաճախ կարգապահական խնդիրներով պատերազմական ատեանի առջեւ հանուող կամաւորներու պաշտպանութիւնը։

1919-ին վարեց Ատանայի կայարանին զինուորական քոմիսէրի պաշտօնը եւ, թերեւս իրեն մեր ազգային վերածնութեան գործին մէջ վերապահուած էր կարեւոր դեր մը, եթէ վատօրէն չլըքուէինք։

Ազատեան հարկադրուած կը դառնար Եգիպտոս, ինքն իր մէջ ամփոփուած եւ թերեւս յուսախաբ եւ այլեւս հեռու կը մնար ազգային կեանքէն, մինչեւ իր մահը որ մահը որ տեղի ունեցաւ 1937 Ապրիլ 1-ին Գահիրէի մէջ, շուրջ 50-55 տարեկան։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հայր․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա․ հատոր, էջ 41։