Դոկ­տո­ր Հայկ Իւթիւճեան, մա­գիս­­տրա­կան տիտ­­ղո­սով (DIC), CAS (GSMD), խմբավար, երաժշտագէտ եւ վաղ ժամանակներու քրիստոնէական եկեղեցւոյ հայրերու ուսումնասիրութեան (հայրապետագիտութեան) (patristics) գիտաշխատող է:[1] Ան Փրակայի «Չարլզ համալսարան»ի փիլիսոփայության եւ արուեստի կաճառի պատուաւոր անդամ է:

Հայկ Իւթիւճեան
Ծննդավայր Կիպրոս
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Բրիտանիա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն PhD, MSc(DIC), CAS(GSMD) ե­րաժշ­տա­գէտ, գլխաւոր խմբավար
Աշխատավայր նուագախմբի գլխաւոր խմբավար
Ծնողներ Արիս եւ Էլսի

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ աւագ սարկաւագ, եւ Չարլզի համալսարանի նուագախումբի եւ երգչախումբի գլխաւոր խմբավար եւ երգչախումբի վարպետ եւ ազատ նուագախումբի եւ օփերային խմբավար:[2] Ան արժանացած Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» մետալներուն:

Իբր երաժիշտ եւ համալսարանական դասախօս կը պաշտօնավարէ գլխաւորաբար Չեխիոյ Փրակ քաղաքի մէջ: Իր հետազօտական հետաքրքրութիւնները ի միջի այլոց Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ երկասիրութիւնները եւ Հայոց Շարակնոցը կ՚ընդգրկեն: Պարգեւատրուած է Հայաստանի «Կոմիտաս» եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշաններով:

2016-ին, ան ծառայեց որպէս համակարգող Փրակայի մէջ (Klementinum) «Հայ գիրքի արուեստը դարերու ընդմէջէն: Որք զծորանս Հոգւոյն արբին» խորագրով տեղի ունեցած ցուցահանդէսին:[3]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Դոկտոր Հայկ Իւթիւճեանը հայկական ծագումով՝ Կիպրոս ծնած անգլիացի խմբավար է:Հօրենական մեծ հօր մեծ հայրը Ստեփան Իւթիւճեանն էր, որ «Բիւրակն Հանդէս»ի հիմնադիրը, խմբագիրն ու արտօնատէրն էր, որուն բոլոր թիւերը Հայաստանի Ազգային գրադարանը Տքթ. Տիգրան Զարգարեանի լուսամիտ նախաձեռնութեամբ նկարած է, եւ առցանց տրամադրելի են: Ստեփան Իւթիւճեանի եղբայրը՝ Աբիսողոմ Իւթիւճեան՝ Պապա Համբարձում Լիմօնճեանի առաջին աշակերտներէն մին էր եւ եկեղեցական երաժիշտ, երգահան ու խմբավար ըլլալէ զատ՝ նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիրը եղած է: Ստեփանի որդին, որ նոյնպէս Աբիսողոմ կը կոչուէր՝ 1878-ին Պոլիսէն Կիպրոս հրաւիրուած է Բրիտանական կառավարութեան կողմէ, երբ Մեծն Բրիտանիա Օսմանեան կայսրութենէն Կիպրոսը ստացաւ եւ ատեն մը տակաւին Օսմանեան օրէնքները կը գործադրուէին կղզիի վրայ: Աբիսողոմ այդ օրէնքները օսմաներէնէ անգլերէնի թարգմանած եւ այնուհետեւ Կիպրոս մնացած է, իբր պետական թարգման: Իր որդիներէն Հրանդը Հայկ Իւթիւճեանի մեծ հայրը կ՚ըլլայ: Իսկ հօրենական մեծ մայրը՝ զմիւռնիացի ընտանիքէ կը սերէր եւ Աղեքսանդրիա ծնած էր, ուր ատենօք իրենց տունը Կոմիտաս Վարդապետը հիւրընկալելու պատիւը ունեցան: Սակայն մօրենական մեծ մօրը ընտանիքը արդէն առ նուազն ԺԸ. դարուն Կիպրոս հաստատուած էր. իսկ մօրենական մեծ հայրը կիլիկեցի էր, որ սակայն Ա. համաշխարհային պատերազմին յաջողեցաւ իբր ուրարակիր Երուսաղէմ փախչիլ (իր ծննդավայրին կառավարիչին եկեղեցական շապիկով զգեստաւորուած մէկ լուսանկարին շնորհիւ արտօնութիւն ստանալով), ուր Օրմանեան Սրբազանի Աստուածաբանութեան դասընթացքին աշակերտեց:

Ան սկսած է ղեկավարելու վարժութիւններ կատարել տասնվեց տարեկանին: Ան միացաւ Անգլիական երգչախումբի տնօրէններու միութեան ՝ որպէս յետ-ընթացաւարտ ուսանող (postgraduate student): Ան իր կրթութիւնը ստացեր է Սոսեքսի, Լոնտոնի եւ Քեմպրիճի համալսարաններու, Սիէնայի «Ակադեմիա Չիգիանա» համալսարանի եւ Լոնտոնի Կիլտհոլի երաժշտութեան եւ տրամայի դպրոցի մէջ, ուր սորված է դաշնամուրի, ջութակի եւ երգեցողութեան ոլորտի մէջ, իսկ 1995-ին աւարտեր է բարձրագոյն խմբավարութեան դասընթացը:

Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­ն Դոկ­տո­րա­կանի աւարտաճառի պաշտպանութեան նիւ­թ ունեցած էր՝ «The Music of the Armenian Hymnal: the Tntesean corpus» (Հայ Շա­րա­կա­նո­ցին Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, Թնթէսիը­նի Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը): իր ա­ւար­տա­ճա­ռի գիրքը հրա­տա­րա­կուած է Փրակայի Չարլզ կամ Քարլ (Չեխերէն՝ Univerzita Karlova) համալսարանի՝ Արուեստի կաճառին կողմէ (Charles University In Prague, Faculty of Arts)։[4]

Սարկաւագական ծառայութիւն

Խմբագրել

Հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը Կիպրոս այցին իբր կաթողիկոսական փոխանորդ, երբ Հայկ Իւթիւճեան նախակրթարանի աշակերտ էր՝ Նարեկ Ազգային վարժարանի, եւ Զարեհ Սրբազանը վարդապետ էր, իբր դպրոցական՝ ամէն շաբաթ օր Ազգային Առաջնորդարան կ՚երթայ, որ յաջորդ օրուայ Թափօրի եւ Ճաշու շարականները իր առջեւ երգէ, որպէսզի իր պատրաստածը սրբագրէ կամ բարելաւման համար դիտողութիւններ ընէ:

Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ Հոգելոյս Զարեհ Սրբազանի խմբագրած երկասիրութեանց շքեղ ու ամբողջական հրատարակութիւնը նոյնպէս Հայկ Իւթիւճեանին շատ մը դռներ կը բանայ: Եւ այսօր իսկ՝ երբ Կարոլեան համալսարան եւ կամ Լոնտոնի Հայկական հիմնարկի հրաւիրաց ընդառաջելով գրաբար կ՚ուսուցանէ՝ Սրբազան Հօր դասագիրքերը կը շարունակեն Հայկ Իւթիւճեանին մեծապէս օգտակար հանդիսանալ: Հոգելոյս Զարեհ Սրբազանն է, որ զինք դպիր ձեռնադրած է, իսկ տարիներ ետք Վարուժան Սրբազանի ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուած, իր քաջալերմամբ:

Կրթութիւն եւ մրցանակ

Խմբագրել
  • խմբավարութեան դասընթացի աւարտին Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նին շնորհուեր է Ռիքորտի խմբավարութեան անուան մրցանակը (Ricordi Conducting Prize) եւ յաղթող ճանչցուեր է Պօպ Հարտինկ Պըրսըրիի (Bob Harding Bursary «Երիտասարդ խմբավարներ» մրցոյթին, որու ընթացքին ան Անգլիոյ այլ ակադեմիայի թեկնածուներու շարքին կը ներկայացնէր Կիլտհոլի (Guildhall School) դպրոցը:
  • Դոկտոր Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­ն կանոնաւորապէս յաճախած է Լոթար Զակրոսեքի (Lothar Zagrosek) փորձերը BBC սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Լոնտոնի «Սինֆոնիէթթայի» (London Sinfonietta) հետ ՝ ստանալով անգնահատելի ցուցմունք եւ առաջնորդութիւն քսաներորդ դարու երգացանկի վերաբերեալ: Ան ուսումը շարունակեր է Միլանի մէջ Քառլօ Մարիա Ճիուլինի (Carlo Maria Giulini), Վալսոլտայի մէջ Ռիչարտ Շումախերի (Richard Schumacher) եւ Լոնտոնի մէջ Վիլեմ Թաուսքիի (Vilem Tausky) հետ խորհրդատւութիւններու միջոցով:[5]
  • Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նը իր նախաքայլը ունեցաւ Պարպիքըն Սենեկային (Barbican Chamber Orchestra) նուագախումբի հետ 1997-ի Մայիսին ՝ Մոցարթի, Ռաւելի եւ Շոսթաքովիչի (Shostakovich) ստեղծագործութիւններու ծրագրին մէջ:
  • Իր իսկ մասնագիտական ​​խումբին հետ ՝ «Տիւփարք համոյթ»-ը (The Ensemble Duparc), ան մտայղացաւ, պատրաստեց, ներկայացուց եւ վարեց երեւակայական ծրագիրներ, որոնք պատրաստուած էին երգացանկէն `ընդլայնուած սենեկային համոյթի համար, աւելցնելով, որ ատոնք համատեղած են այնքան տարատեսակ, որքան Wagner- ի Siegfried-Idyll- ը եւ Schoenberg սենեկային սիմֆոնիաները` երաժշտութիւնէն սկսած `Պախէն մինչեւ Պիրթուիսթլ (Birtwistle), եւ մասնաւորապէս շեշտ դնելով քսաներորդ դարու երաժշտութեանը:
  • 1998-1999 տարիներուն Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­ն հրաւիրուած է իր աւարտական ​​կցորդը սկսիլ Փրակայի գեղարուեստի ակադեմիայի երաժշտական ​​կաճառի (Music Faculty of the Prague Academy of Performing Arts) մէջ ՝ մասնագիտական ​​խորհրդատւոթիւններ ունենալով Ֆրանթիշեք Վայննարի (Frantisek Vajnar), Եոզեֆ Քուչինքայի (Josef Kuchinka) եւ Եիրի Պելոհլավեքի (Jiri Belohlavek) հետ, հետեւիլ դասընթացքներու ոճային համագրութեան մէջ Եուրայ Ֆիլաս-ի հետ (Juraj Filas), եւ փորձառութիւն ու հմտութիւն ձեռք բերել շարք մը հռչակաւոր նուագախումբերու հետ Պոհեմիոյ (Bohemia) մէջ:
  • Չեխիոյ մէջ իր արագ ձեռք բերած Չեխերէն լեզուի տիրապետութիւնը ուժեղացուց աշխատանքային յարաբերությունները չեխ երգիչներու եւ գործիքաւորողներու հետ, եւ զինք հրաւիրեցին վերադառնալ աւելի երկար ժամանակ մնալու համար:
  • Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նը համերգներ ղեկավարած է՝ Փրակա, Թեփլիս (Teplice), Մարիենպատ (Marienbad) եւ Ուշթի նատ Լապեմի (Usti nad Labem) մէջ, ուր ծառայեր է որպէս խմբավարի օգնական քաղաքային թատրոնի մէջ՝ աշխատելով (The Cunning Little Vixen)- ի եւ (Die Fledermaus)- ի արտադրութիւններու վրայ եւ մարզելով թատրոնի նուագախումբը յօգուտ «Լա Ֆինթա Ճիարտինիերա» (La Finta Giardiniera) ներկայացումներուն Փրակայի «կալուածներ թատրոն»ի մէջ:
  • Նուագախումբի հետ իր համագործակցութիւնը անմիջապէս դարձաւ արդիւնաւէտ այն առումով, որ երաժիշտները կը հրաւիրէին Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նը ղեկավարելու իրենց սեփական սենեկային նուագախումբը ՝ «Քոլեկիում երաժշտութիւն» (the Collegium Musicum):
  • 2000-ի Սեպտեմբերին, ան հրաւիրուած էր ստանձնել նուագախմբի գլխաւոր խմբավարի պաշտօնը:
  • Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան հիւրընկալուած եւ ղեկավարած, որպէս հիւր խմբավար Անգլիոյ մէջ, եւ աւելի շատ, Եւրոպական երկիրներ, ուր, բացի չեխ նուագախումբերու հետ աշխատանքէն, ան ղեկավարած է «The Orchestra of the Festival del Piccolo Mondo Antico » (Իտալիա), «The Jonge Filharmonie » (Պելճիքա) ) եւ «the Ensemble Orchestral du Festival International Albert-Roussel » համոյթը (Ֆրանսա):

Աշխատութիւն հրատարակութիւն

Խմբագրել

Դոկ­տո­ր Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի «Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն : Որք զծորանս Հոգւոյն արբին» գիրքը կը բովանդակէ՝ Հեղինակի շնորհակալութիւններ—Հայկական գրային մշակոյթի կոթողներ—Ս. Գրիգոր Նարեկացի՝ «Հրեշտակական վարդապետ» եւ Վարդապետ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ—Հայկական եկեղեցական երաժշտութիւն—Չեխ-հայկական գրական յարաբերութիւններ—Հայոց ցեղասպանութիւնը—Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ աստուածաբանութիւնը եւ նախասիրած բներգները—Հայկական եկեղեցական երաժշտութեան ձայնագրութեան համակարգերը—Չեխ-հայկական եւ հայ-չեխական գրական յարաբերութիւններ -- «Հայ ժողովուրդի բնաջնջումը». 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ Չեխ երկիրը—Վերջաբան—Յանձնարարութիւններ յաւելուածական ընթերցման համար.[6]

Ցարդ լոյս տեսած հատորներ

Խմբագրել
  • «Որք զծորանս Հոգւոյն արբին. Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն», լոյս տեսած է 2016-ին, Հայաստանի եւ Չեխիոյ Ազգային գրադարանաց գործակցութեամբ եւ մեկենասութեամբ, երեք տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն եւ չեխերէն:
  • «Հնագոյն Քրիստոնեայ ժողովրդեան գանձերը՝ հոգեկանութիւն, արուեստ եւ երաժշտութիւն Հայկական միջնադարեան ձեռագրաց մէջ» հատորը (2018 թ.)՝ անգլերէն եւ չեխերէն:
  • «Տնտեսեան եւ Հայոց Շարակնոցի երաժշտութիւնը» մենագրութիւնն ալ լոյս տեսաւ 2018:
  • Տվորժաքի «Րէ-մեծալար Պատարագը» գործին վերոյիշեալ քննական նուագագրութիւնը հրատարակուած է 2020-ի ամռանը

Հայ գիրքի աննախադԷպ ցուցահանդԷս Փրակայի մէջ

Խմբագրել

2016 թուականի Հոկտեմբեր 12-25 օրերուն, Չեխիայի Ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցաւ «Որք զծորանս Հոգւոյն արբին» Հայ գիրքի արուեստը դարերու ընթացքին,, խորագիրով բացառիկ ցուցահանդէսը, որուն կազմակերպիչներն էին Հայաստանի եւ Չեխիայի Ազգային գրադարանները ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Չեխիայի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ։ Ցուցահանդեսի համակարգող եւ մենագրութիւն-պատկերագիրքի հեղինակ Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանն էր:[7]

Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի ղեկավարութեամբ համալսարանական նուագախումբը՝ լաւագոյններէն մէկը Եւրոպայի մէջ

Խմբագրել

Ապրիլ 2020-ին, Եւրոպական համալսարանական նուագախումբերու ցանցը «Ամսուայ նուագախումբ» է ճանչցուեր է Փրակայի (Charles University) (Չեխերէն՝ Univerzita Karlova)) Քարլ համալսարանի ուսանողական նուագախումբը, որուն հիմնադիրն ու գլխաւոր խմբավարն է դոկտոր Դոկ­տո­ր Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանը։ Եւրոպայի մէջ գործող 120 համալսարանական կամ ուսանողական նուագախումբերու համակարգող կեդրոնը նման որոշում կը կատարէ արդէն չորրորդ անգամ։ Այս անգամ պատիւը տրուեր է չեխական համալսարանական նուագախումբին՝ մեր հայրենակիցի ղեկավարութեամբ։ [8]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել