Հայոց Ազգային Խորհուրդ (Պաքու)

Բաքուի Հայոց ազգային խորհուրդը, ստեղծուած է 1917-ին։ Կարեւոր դեր խաղցած է Ազրպէյճանի հայութեան հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ. փաստօրէն իրականացուցած է պետական, քաղաքական տէրեր։ Խորհուրդը մասնաճիւղեր ունէր Շամախու, Գիոքչայի, Նուխիի, Արեշի շրջաններուն մէջ, որոնք լծուեցան տեղական խնդիրներու պատճառով։ Ընդհանուր խորհուրդին ընտրուած էր վարչութիւն, որը և իր կազմին ընտրած էր նախագահ։ 1917-էն մինչև 1918Ապրիլ Ազգային խորհուրդն իր տրամադրութեան տակ ունեցած է զորամիաւորումներ, որոնք բաղկացած էին մեծ մասամբ ռուսական բանակի հայազգի կադրային սպաներէ ու զինւորներէ։ 1918-ին այդ զորամիաւորումներն անցած են Բաքուի կոմունայի ենթակայութիւնը, միացած է կոմունայի բանակին և 1918-ին Մայիս-Սեպտեմբերին վճռորոշ դեր խաղցած է թւրքական արշաւանքին դիմագրաւելու գործին։

Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէն, Անդրկովկասեան սէյմը, ապա Բաքուի կոմունայի ղեկավարութիւնը Ազրպէյճանի հայութեանը վերաբերող բոլոր հարցերը լուծում էին Բաքուի Հայոց ազգային խորհուրդի միջոցով ու համաձայնութեամբ։ Բաքուն պաշարած թուրք-գերմանական զինվորական հրամանատարութիւնը քաղաքը յանձնելու վերջնագրով դիմած էր Հայոց ազգային խորհուրդին։ Սեպտեմբերի 15 1918-ին, Բաքուն թուրքերու կողմէն գրաւելէն ետք, խորհուրդը կարճ ժամանակով դադրած է իր գործունէութիւնը և վերսկսած անգլիական զորքը Բաքու մտնելէն էտք (Դեկտեմբեր 1918)` իրականացնելով նախկին տէրերը։

Խորհուրդի ջանքերն ուղղուած են Բաքուի հայ աղետեալներու վիճակը թեթևցնելու, փախստականներուն իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու, հայ ռազմագերիներուն ու պատանդներուն փրկելու, հիւանդներուն, որբերուն, վիրաւորներուն խնամելու և այդ նպատակով դրամական միջոցներ հայթայթելու գործին։ Աղետեալներու, գերիներու իրավունքները պաշտպանութեամբ Ազգային պորհուրդը դիմումներ հղած է հասարակական, պետական, զինւորական մարմիններուն։ Այդ ժամանակաշրջանին Ազգային ժողովի պատուաւոր նախագահն էր Շամախու թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Վարդազարեանը։ 1918-ին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմած է Ազգային խորհուրդին` կառավարութեան կազմին ու խորհրդարանին համատեղ աշխատելու առաջարկութեամբ։ Խորհուրդն նախ մերժած է այդ առաջարկը՝ չարագործներու հետ չհամագործակցելու պատճառաբանութեամբ, սակայն անգլիացիներու խորհուրդով ընդունած է։ Ազգային խորհուրդը 1918-ի Հոկտեմբերին, կառավարութենէն գաղտնի, խորհուրդի անդամ տնտեսագէտ Բախշի Իշխանեանի միջոցով տուեալներհաւաքած է Բաքուի հայ բնակչութեան ֆիզիքական ու նիւթական կորուստներու մասին։ Անտանտի երկիրներու Բաքուին ներկայացուցիչ անգլիական զինւորական իշխանութիւններու կարգադրութեամբ ստեղծուած է պաշտօնական յանձնաժողով, որուն համաձայն՝ թրքական արշաւանքի հետևանքով Բաքուի հայ խաղաղ բնակչութեան մարդկային կորուստները կազմած են 30 հազար, նիւթական կորուստները 453,2 միլիոն ռուբլի։ Բաքուի Հայոց ազգայինխորհուրդի ամբողջ գործունէութիւնը, կառավարութեան և խորհրդարանի անդամներ նշանակելու անոր իրաւասութիւնը, Ազրպէյճանի հայութեան տնտեսական, մշակութային ու քաղաքական գործունէութիւնը ղեկավարելու լիազորութիւնները կը վկայեն, որ 1918-ին Ազրպէյճանի տիմոքրատական հանրապետութիւնն ստեղծուած է պետական իշխանութեան մարմիններ ունեցող երկու ժողովուրդներու՝ հայերու ու թուրք-թաթարական համաձայնութեան հիման վրայ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել