Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Սինկափուր)

Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, խաչքար Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Խաչքարը տեղադրուած է ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Յուշարձանը տեղադրուած է 2014 թուականին Յիշողութեան պարտէզին մէջ, ուր ամփոփուած են նաեւ բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր[1]։ Յուշարձանի ստեղծման նախաձեռնողը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ Արմէն Բուդաղեանն է։

Հեղինակ

Խմբագրել

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Խմբագրել

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ամէնահին քրիստոնէական կառոյցն է Սինկափուրի մէջ. կառուցուած է 1835 թուականին, օծուած՝ 1836 թուականին։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ կան բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր, որոնք ամփոփուած են Յիշողութեան պարտէզին մէջ։ Եկեղեցին կը գտնուի Սինկափուրի «Հիլլ» եւ «Արմենիա» փողոցներուն միջեւ։

Ան ազգային պատմական կոթող է, տեղակայուած է Սինկափուրի բոլոր քարտէսներուն վրայ։

Ճարտարապետը իրլանտացի Ճորճ Քոլմանն է։ Եկեղեցին հեղինակին ամէնայայտնի գործերէն է։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել