Գուսան, ստեղծագործող եւ կատարող արուեստագէտ՝ հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ։ Դեռ 5-րդ դարուն, «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութեան մէջ՝ Մովսէս Խորենացին յիշատակած է Գողթան երգիչներու մասին։

Գուսաններու յուշարձանը Կիւմրիի մէջ

Գողթան երգիչները գուսան-վիպասաններ էին, որոնք ստեղծած եւ կատարած են Հայկազն Տիգրանի, Շամիրամի, Աժդահակի, Արտաշէսի եւ Սաթենիկի եւ ուրիշներու մասին երգեր։ Վաղ միջնադարեան հայերէն թարգմանութիւններուն եւ բնագիրներուն մէջ՝ Գուսանը կ'օգտագործուէր իբրեւ հին յունական միմոս (μίμος) բառի համարժէք, կը ներառէ ընդհանրական իմաստ մը, որ կը համապատասխանէ նոր ժամանակներուն ընթացքին ընդունուած մասնագէտ հասկացողութեան։ Գուսան կոչուած են երգիչները, նուագածոները, պարողները, պատմա-առասպելական զրոյցներ եւ վիպական երգեր աւանդողերը, ժողովրդական հրապարակային թատրոնի դերասանները՝ ձեռնածուները, աճպարարները, լարախաղացները եւ խեղկատակները։ Հայաստանի մէջ՝ կին գուսանները կոչուած են վարձակ։

Ուշ միջնադարի ընթացքին, գուսաններու տարբեր խումբեր պարզապէս վերածուեցան աշուղներու կամ սազանդարներու։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։