Հայ Հանդէս, գիտական կիսամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1902-1903 թուականներուն, Վենետիկի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Արփիար Արփիարեան։ Լուսաբանած է հայ հասարակական-քաղաքական կեանքը։ Յոդուածները հիմնականին գրած է Ա. Արփիարեանը։ Դրական բաժնին մէջ տպագրուած է անոր «Կարմիր ժամուց» վիպակի առաջին մասը։ Արժեքաւոր է հանդէսին մէջ տպագրուած «Նիւթեր Վանի ժամանակակից պատմութեան» ոաումնասիրութիւնը։ Անդրադարձած է Թուրքիոյ դիւանագիտութեան Արեւելեան հարցին մէջ, Եւրոպայի քաղաքական կացութեան, օտար մամուլէն արտատպած հայերուն վերաբերող նիւթեր։ «Հայ Հանդէս»ին աշխատակցած է Լեւոն Բաշալեանը։

Հայ Հանդէս
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Արփիար Արփիարեան
Երկիր Վենետիկ
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։