Հայ Սիրտ (թերթ, Մարսէյլ)

Ազգային, հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ։

«Հայ սիրտ», ազգային, հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ։

Հայ Սիրտ
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու արեւմտահայերէն
Հիմնադրուած է 1925

Պատմութիւն Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1925–1938 թուականներուն Մարսէյլի մէջ։ Խմբագիր-արտօնատէր՝ Եղիշէ Թորոսեան։

Լուսաբանած է ՀՕԿ-ի գործունէութիւնը, անդրադարձած է ներգաղթի կազմակերպման հարցերուն, ֆրանսահայութեան առօրեային, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւններուն, միջազգային քաղաքական անցուդարձին։

Տպագրած է նաեւ գրական-գեղարուեստական գործեր, պատմական թեմաներով ուսումնասիրութիւններ։

Աղբիւրներ Խմբագրել