Հասանգալա (ծանօթ է նաեւ Տեւէ-Պոյնու անունով), կը գտնուի Ծիրանիքի հարաւ-արեւմտեան ստորոտին, Արաքսի ձախ ափին։ Եղած է Բասէն գաւառի վարչական կեդրոնը։

Քաղաք
Հասանգալա

Պատմութիւն

Խմբագրել

Անիկա պատմական Դարոյնքն է (չշփոթել համանուն բերդին հետ) եւ ամուր բերդաքաղաք եղած է: Կ՛ենթադրուի, որ բերդը Գրիգոր Մագիստրոսի ազգական Հասան իշխանը կառուցած է:

Կը գտնուի ժայռոտ բլուրներու վրայ, իսկ բերդէն հարաւ-արեւմուտք, բլուրի լանջերուն տարածուած է քաղաքը: Բերդը անցեալին աշտարակներով պաշտպանուած կրկնապարիսպ ունեցած է: Պարսպապատ եղած է նաեւ քաղաքը, եւ Հասանգալա յիշուած է իբրեւ եռապարիսպ քաղաք: Բերդը լաւ վիճակի մէջ պահպանուած է մինչեւ ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմը: Կռիւներուն պատճառով կարգ մը մասեր վնասուած են, բայց հետագային՝ վերանորոգուած:

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Հասանգալա հարուստ է հանքային բուժիչ ջուրերով եւ սառնորակ աղբիւրներ կը վազեն փողոցներու երկայնքին: Գեղեցիկ համայնապատկերը կ՛ընդգրկէ քաղաքին առջեւ փռուած դալարագեղ դաշտը:

Բնակարանները քարաշէն են, հաստ պատերով, երկյարկանի եւ հարթ տանիքներով:

Առեւտուրը եւ արհեստները հայերուն ձեռքը եղած են. քաղաքի բնակիչներէն շատեր կալուածներ ունեցած են եւ երկրագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղած:

Հասանգալայէն արեւմուտք, Տեւէպոյնուի լեռնանցքը, 1950 մեթր բարձրութեան վրայ, Բասենը կը բաժնէ Կարնոյ նահանգէն կամ Բարձր Հայքէն[1]:

Արձանագրութիւններ

Խմբագրել

Հասանգալայի մէջ պահպանուած էր Մենուա թագաւորին մէկ ընդարձակ սեպագիր արձանագրութիւնը, ուր գրուած էր դղեակի մը կառուցման մասին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-13 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։