Հարուածային ֆիզկուլտուրնիկ

«Հարուածային ֆիզկուլտուրնիկ», խորհրդային շրջանի մարզական բովանդակութեան հայկական ամսագիր։ Հանդիսացած է ՀԽՍՀ ֆիզկուլտուրայի գերագոյն եւ Երեւանի քաղաքային խորհուրդներու օրգանը։ Լոյս տեսած է 1932-1934 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա. Արզումանեան, Ա. Հախումեան, Ա. Տէմեան։

Լուսաբանած Է հանրապետութեան եւ մայրաքաղաք Երեւանի մարզական առօրեան, գովազդած առանձին մարզաձեւեր, ներկայացուցած մարզական տարբեր ձեւերուն մէջ յաջողութիւններու հասած հայ եւ խորհրդային այլ մարզիկներու։

Մեծ ուշադրութեան նուիրած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ աշխատաւորութեան ֆիզիկական դաստիարակութիւնը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։