Հարսառի ծէսը հարսը տունէն առնելու, հանելու եւ փեսային մօտ տանելու արարողութիւնն է:

Հայկական իւրաքանչիւր գաւառ ունեցած է իրեն բնորոշ հարսանեկան աւանդութիւնները, որոնց մեծ մասը փոխանցուած է մինչեւ օրս, մաս մըն ալ ձեւափոխուելով՝ նորօրեայ շունչ ստացած է:

Ընդունուած սովորութիւններ

Խմբագրել

Մշեցիները հարսին տունէն հանելու ժամանակ գրպանը չամիչ կը լեցնէին եւ քանի մը զոյգ գուլպայ կը դնէին: Հարսին ընկերուհիները զայն ճամբելու ատեն խումբով կ'երգէին.

  Զչամիչ մաղով մաղեցին,

Շողերի ջէբեր լցեցին,

Զղարիբ ճամբայ դրեցին:

 


  • Հարսը ճամբելէ ետք տան յատակը չէին մաքրեր, «որպէսզի չաւերուի հայրական տունը»:
  • Հարսը տունէն դուրս գալու ժամուն, գիւղերուն մէջ կօշիկներուն մէջ գարնանացան ցորեն կը լեցնէին, իսկ քաղաքներուն մէջ` մետաղադրամ, որպէսզի հարսին ոտքը «խերով» ըլլայ սկեսրայրի տան մէջ:
  • Մուշի մէջ հարսին դեղին ոտնամանները`«մուճակները», հագցնելու ատեն, մէջը կորեկի հատիկներ կը լեցնէին, որպէսզի ան կորեկի հատիկներուն նման պտղաբեր ըլլայ ու շատ երեխաներ ունենայ:
  • Հարսնառի մասնակիցները կը փորձէին հարսին տունէն «խուփ» (կափարիչ) գողնալ, որպէսզի հարսնացուն «փակ», «չխօսկան» ըլլայ:
  • Որոշ շրջաններու մէջ հարսնառի կ'երթային միայն այն ժամանակ, երբ հարսին կողմը յատուկ հրաւէր ղրկէր փեսացուին տան անդամներուն:
  • Եթէ հարսառին պիտի մասնակցէին նաեւ կարեւոր անձնաւորութիւններ (գիւղին մեծաւորը, քարտուղարը, եւ այլն…), անոնց ի պատիւ դհոլ-զուռնայի նուագ կ'ապահովուէր: Նուագը կը հնչէր փեսայի տան դրան մօտ` մինչեւ հարսառը ճամբայ ելլէր: Այս երաժշտական հրաւէրը կը կոչուէր`«դամ ընել»:
  • Հարսին տունը ժամանած հարսնեւորներուն դիմաւորելու կ'ելլէր հարսի տոհմին աւագը եւ զանոնք ներս կը հրաւիրէր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել