Հարրի Բէգեան (24 Ապրիլ 1921(1921-04-24) - 26 Յուլիս 2010(2010-07-26)[1]), ամերիկահայ երաժշտագէտ, երգահան եւ խմբավար։

Հարրի Բէգեան
Ծնած է 24 Ապրիլ 1921(1921-04-24)
Մահացած է 26 Յուլիս 2010(2010-07-26)[1] (89 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Միշիկընի Համալսարան,
Մասնագիտութիւն խմբավար, երաժշտութեան ուսուցիչ, երաժշտական ղեկավար

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Միշիկընի նահանգի Փոնթիաք քաղաքը: Ծնողները Հայոց ցեղասպանութիւնէն վերապրողներ եղած են, որոնք 1915 թուականին, բազմաթիւ ընտանիքներու նման, թուրքական եաթաղանէն ճողոպրելով` կայք հաստատած են հայրենիքէն հեռու:

Ուսուցչի քաջալերանքով պատանի Հարրին դպրոցական տարիներուն ծանօթացած ու սիրած է փողային գործիքներէն քորնեթը եւ յետագային մասնագիտանալով երգահանման ու խմբավարման բնագաւառուն մէջ` իր յօրինած սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններուն մէջ յատուկ տեղ գտած են փողային գործիքներով համերգային ելոյթները:

Հարրի Բէգեանը իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Միշիկընի համալսարանը` արժանանալով դոկտորայի կոչումին: «Gomidas Vartabed: His life and importance to Armenian music» խորագրով իր դոկտորական արժէքաւոր ատենախօսութիւնը նուիրուած է Կոմիտաս վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան, որ 1964 թուականին հրատարակուած է Միշիկընի համալսարանի երաժշտագիտական բաժինի կողմէն[2]:

Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ, հարցազրոյցներ ու ելոյթներ ունեցած է նուագախմբային փորձերու վերլուծութեան ու խմբավարման գործելաձեւերու մասին: Անոր խմբավարած ու մշակած աւելի քան 65 նուագախմբային յօրինումներու ձայնագրութիւնները` որպէս ամերիկեան երաժշտութեան գանձեր, կը պահպանուին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել