Հեծեծմունք (Պետրոս Դուրեան)
Հեծեծմունք, Պետրոս Դուրեանի գլխաւոր ողբերգութիւնը՝ իր հիւանդութիւնը, զինք տառապեցուցած է նաեւ իրմէ դուրս, իրմէ առաջ հարուածելով իր մտերիմ մէկ բարեկամը՝ Վարդան Լութֆեանը, իրեն պէս զգայուն, բանաստեղծ հոգի մը։
Պետրոս Դուրեան հոս կը խօսի իր մահացած բարեկամին մասին՝ այնքան պարզ ու բնական, կարծես ան իր քովը ըլլար եւ ոգեկոչելէ ետք իրենց միասին ապրած պահերը: Ապա՝ անոր մահն ու իր ցաւը, բանաստեղծը՝ անգամ մը եւս, իր հարցականները կ'ըսէ հանդերձեալ կեանքի մասին։