Հերմէս (յուն․՝ Ἑρμῆς)` յունական դիցաբանութեան մէջ ողիմպիական պատանի աստուած մըն է, Զեւսի եւ Մայեա Պլէյեադի զաւակը:

Հերմէս (Վատիկանի թանգարան), մ.թ.ա.5րդ դարու յունական բնօրինակէն ըրած մ.թ.ա.2րդ դարու հռովմէական կրկնօրինակ է: Հագած է ճամբորդի թիկնոց եւ թեւաւոր ոտնամաններ, ունի բռնած կերիկէյոն, կիթարա դրած է պետասոս (կլոր գդակ):

Դիցաբանութիւն

Խմբագրել

Հերմէսը աստուածներու սուրհանդակը եւ հանձնակատարն էր:[1] նաեւ "աստուածային խարդախ"[2] եւ "հովիւներու, գողերու, գերեզմաններու եւ մունետիկներու հովանաւոր":[3] Անոր կը նկարագրէին որպէս մահկանացու եւ աստուածային աշխարհներու միջեւ ազատ տեղաշարժուող, ան հոգիներու ուղեկիցն էր դէպի անդրաշխարհ:[4] Ան նաեւ ճամբաներու եւ ճամբորդներու հովանաւորը կը համարուի:[5] Որոշ առասպելներուն մէջ ան խաբեբայ էր եւ միւս աստուածները կը խորամանկէր իր բաւականութիւներու կամ մարդոց համար:

 
Սարպեդոնի մարմինը կը փոխադրէն Հիպնոսը եւ Թանատոսը (Քունը եւ Մահը), իսկ Հերմէսը կը նայէ: Բրուտ Եւքսիթէոսի պատրաստած եւ Եւփրոնիոսի պատկերազարդած մ.թ.ա. 515 թուականի ատտիկական սափոր:

Անոր նշաններէն են աքաղաղը, կրիան, թեւաւոր սանդալիաները եւ գդակը: Անոր գլխաւոր պարագան է թեւաւոր անձի մը շուրջը փաթթուած օձերու տեսքով գաւազանը՝ կերուկէյոնը (յուն․՝ κηρύκειον): Հռովմէական պանթէոնին մէջ Հերմեսին կը համապատասխանէ Մերկուրին[6] որ, թէեւ ժառանգած է էտրուսկներէն, ունի բազմաթիւ նոյնական բնոյթներ, ինչպէս այն, որ առեւտուրի հովանաւոր է:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Burkert, p. 158. Iris has a similar role as divine messenger.
  2. Burkert, p. 156.
  3. Burkert, p. 158.
  4. Burkert, pp. 157–158.
  5. Lay, p. 3.
  6. Bullfinch's Mythology (1978), Crown Publishers, p. 926.