Հերոսներու հրապարակ (Պուտափեշթ)
Հերոսներու հրապարակ (հունգարերէն՝ Hősök tere), հրապարակ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ։ Կը գտնուի Փեշտ հատուածին մէջ։ Հերոսներու հրապարակով կ'աւարտի Անդրաշի պողոտան եւ կը սկսի Վարոշլիկետ քաղաքային այգին։ Հրապարակը ձեւաւորուած է 1896-ին Հունգարիոյ հիմնադրութեան 1000-ամեակին առիթով, ընդունելով Հունգարիա ժամանած աւելի քան 50.000 հիւրեր։
Հրապարակին մէջ կը գտնուին քանի մը յուշարձաններ։ Առաջինը, որ կը գտնուի հրապարակի կեդրոնը, նուիրուած է Կարպատներով հունգարներու անցման։ Այն բարձր սիւն է, որուն գագաթին կը գտնուի Գաբրիէլ հրեշտակապետի կերպարը երկրագնդի վրայ` առաքելական խաչով եւ Իշտուան արքայի թագով։ Յուշարձանի հեղինակներն են ճարտարապետ Ալպերտ Շիկեդանցը եւ քանդակագործ Տեորտ Զալան։ Արձանի կառուցումը տեւած է շուրջ 42 տարի։ Առասպելին համաձայն` սուրբ Իշտուանի միջոցով հունգարներուն քրիստոնէութիւն ընդունել պատուիրած է Գաբրիէլ հրեշտակապետը, որ յայտնուած է անոր երազին մէջ։ Յուշարձանի ստորին հատուածին մէջ պատկերուած են հունգարական եօթ ցեղերու առաջնորդները` գլխաւորութեամբ իշխան Արպատի, որ հիմնադրած է հունգարական իշխող արքայատոհմը։
Կիսաշրջանաձեւ երկու սիւնաշարերը, որոնք տեղադրուած են հրապարակին մէջ` Գաբրիէլ հրեշտակապետի սիւնին ետին, Հունգարիոյ հերոսներուն նուիրուած յուշարձաններ են։ Իւրաքանչիւր սիւնաշարի երկարութիւնը 85 մեթր է։ Սիւներուն միջեւ ձախէն աջ տեղադրուած են Արպատների տոհմի ներկայացուցիչներուն պրոնզեայ արձանները` սուրբ Իշտուան, սուրբ Լասլօ, Կալման І, Անդրաշ ІІ եւ Բելա IV: Անոնց կը յաջորդեն Անժույի տոհմի ներկայացուցիչներու արձանները` Կառլ Ռոպերտ եւ Լիւդովիկոս Ա. Մեծ, Եանոշ Խունեադի, Մատեաշ Կորուին, այնուհետեւ տրանսիլվանական իշխաններ Իշտուան Պոչկայի, Գաբոր Պետլենի, Իմրէ Տեկելիի, Ֆերենց Բ. Ռակոցիի եւ հունգար ժողովուրդի ազատութեան համար պայքարած հերոս Լայոշ Կոշուտի արձանները։ Սիւնաշարերը պսակուած են Աշխատանքի, Զարգացման, Պատերազմի, Խաղաղութեան, Իմաստութեան եւ Փառքի այլաբանական կերպարներով։
Գլխաւոր սիւնի հարեւանութեամբ տեղադրուած է քարէ յուշատախտակ` նուիրուած հունգար զինուորներուն, որոնք մահացած են համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ։ Այստեղ ազգային տօներուն կը կանգնի պատուոյ պահակախումբը, եւ տեղի կ'ունենան ծաղիկներու խոնարհման հանդիսաւոր նախաձեռնութիւններ։
Հրապարակը երկու կողմէն շրջապատուած է նեոկլասիցիզմի ոճով կառուցուած երկու շինութիւններով` Կերպարուեստի թանգարանով եւ Միւչառնոկ արուեստի սրահով։
Հրապարակին տակ տեղադրուած է Պուտափեշթի մեթրոյի համանուն կայարանը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Венгрия. Издательство «Вокруг света», 2009 ISBN 978-5-98652-226-5
- Михаэль Херл. Будапешт. Издательство Polyglott, 1996 ISBN 5-88395-021-3