Հին Հալէպ, 355 հէքթարի տարածութեամբ Հին Հալէպի շրջանը, ինքնին հնագիտական հարստութիւն մըն է, որ կ'ընդգրկէ աւելի քան 150 կարեւորագոյն նմոյշներ, որոնք կը ներկայացնեն դարերու ընթացքին մարդկային զանազան քաղաքակրթութիւններ:

Հին Հալէպի շրջանը զարդարուած է արեւմտեան ճարտարապետական հարուստ ոճերով, որոնք կը պատկանին 20-րդ դարուն սկիզբին: 1986 թուականին, ՄԱԿ-ի գիտութեան, մշակոյթի եւ կրթութեան կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) կողմէ, Հին Հալէպի շրջանը յայտարարուեցաւ որպէս համաշխարհային ժառանգութեան անբաժանելի մաս մը:

Այս պատմական ու արժէքաւոր խառնուրդը դուրս բերաւ քաղաքակրթական իւրայատուկ խճանկար մը, որ պատմական, արուեստի, գիտական եւ համաշխարհային մեծ արժէք մը ունի:

Հին Հալէպ

Հալէպի պատմութիւնը կ'արտացոլայ անոր ճարտարապետութեան, հնագոյն բերդին, աւանդական շուկաներուն, հին տուներուն եւ ֆոլքլորին ընդմէջէն, ինչպէս Հալէպի նշանաւոր երաժշտութիւնը, ձեռագործները եւ այլն:

Հալէպի պատմական բերդը կ'ընդգրկէ անցնող դարերուն ընթացքին դուրս եկած մշակութային եւ քաղաքակրթական բազմազանութիւնները, ուր կը գտնուին Ք.ա. 10-րդ դարուն մինչեւ իսլամական հանգրուանին պատկանող քաղաքակրթութեան նմոյշներ:

Նշեալ հնութիւններու մնացորդները մինչ օրս կայուն են: Անոնցմէ յիշատակութեան արժանի են մզկիթները, պալատներն ու հանրային բաղնիքները:

Հալէպի բերդին շուրջ մշակուած ցանկապատային տարածաշրջանին մէջ կը գտնուին ճանապարհային այնպիսի ձեւաւորումներ, որոնք յստակօրէն ազդուած են յունական-հռոմէական քաղաքակրթութիւններէն, ինչպէս նաեւ կարելի է գտնել 6-րդ դարու պատկանող քրիստոնէական շէնքեր:

Յատկանշական է նաեւ այնտեղ գտնուող դպրոցները, որոնք կը պատկանին մեմլուքեան եւ այուպական ժամանակաշրջաններուն եւ վերջապէս կան օսմանական ժամանակաշրջանին պատկանող կարգ մը մզկիթներ եւ պալատներ:

1980-ական տարիներուն ընթացքին, Հին Հալէպէն կարգ մը շրջաններ արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուեցան, օրինակ Փալմիր քաղաքին մէջ կարգ մը շէնքեր քանդուեցան եւ անոնց փոխարէն կառուցուեցան նոր ու բարձրայարկ շէնքեր, նաեւ տեղի ունեցաւ ճանապարհային ընդլայնումներ: Սակայն միւս կողմը մնացին բազմաթիւ պատմական կառուցուածքներ, շուկաներ եւ պողոտաներ, որոնք հակառակ այս արմատական փոփոխութիւններուն, պահպանեցին Հալէպի հնագիտութեան համաշխարհային դիրքը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել