Հմայեակ Տէր Մանուէլեան
Հմայեակ Տէր Մանուէլեան, հայ դեղագործ։
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
---|
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԴեղագործական կրթութիւն ստացած է եւ իբրեւ դեղագործ աշխատած։
21 Ապրիլ 1915-ին՝ Երեքշաբթի երեկոյեան, Խարբերդ նահանգի, Տերսիմի գաւառի՝ Չմշկածագ աւանի շուկային մէջ թուրք ոստիկաններու կողմէ կատարուած են առաջին ձերբակալութիւնները՝ կառավարիչին այցելելու խաբէութեամբ։ Կառավարչատուն (սերայ) գացած է 9 հոգի, անոնց կարգին՝ Հմայեակը։ Բոլորը ձերբակալուած են ու բանտարկուած։ Անկէ ետք ուրիշներ ալ ձերբակալուած են։ Սակայն Հմայեակ, որոշ ժամանակ մը ետք, ազատ արձակած են, որովհետեւ անոր համար՝ հանրածանօթ թուրք մը միջնորդած է, որուն համար ան ժամանակին դեղ պատրաստած էր։ Իսկ միւսները գացած ու այլեւս չեն վերադարձած։ Զանոնք սկիզբը բանտարկած են՝ կառավարութեան շէնքին մէջ, ապա՝ տեղափոխած են Վերին թաղի Ալի պէյի եւ Օսման աղայի տուներուն տակ եւ օր ու գիշեր դաժանօրէն ծեծելով ու չարչարանքներու ենթարկելով՝ սպաննած։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Ղազարեան Հ., Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, 1971։
Աղբիւր
ԽմբագրելՅարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։