Հնդկացորենը ընդեղէններու խումբին կը պատկանի:

Հնդկացորեն

Տարածում

Խմբագրել

Մեծ քանակութեամբ հնդկացորեն կը սպառեն Մեծն Բրիտանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները: Բոլոր ընդեղէններուն պէս, հնդկացորենը սննդարար եւ առողջապահական յատկութիւններ ունի եւ մարմինը հեռու կը պահէ զանազան հիւանդութիւններէ: Հնդկացորենը կը յատկանշուի սուր, բայց համեղ յատկութեամբ[1]:

Օգտակարութիւն

Խմբագրել
Հնդկացորենի արտ՝ Շիրակի դաշտին մէջ
  • Հնդկացորենը ուժականութիւն կը հայթայթէ մարմինին, որովհետեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ոսլայ կամ նշահ:
  • Անիկա երակները կը մաքրէ:
  • Կը պայքարի սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ երակներու խցանման դէմ:
  • Կը բուժէ արեան գերճնշումը:
  • Հնդկացորենը կը պարունակէ սննդական զանազան տարրեր, որոնցմէ են կենսանիւթեր` Պէ-քոմփլեքսը, կարգ մը հանքայիններ, ինչպէս` պղինձ, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ: Մակնեզիոմը այն հանքայիններէն է, որ օգտակար է մարսողութեան: Իսկ Պէ-քոմփլեքսը օգտակար է ջղային համակարգի առողջութեան պահպանման համար:
  • Հնդկացորենի սպառումը դէմ կը դնէ ընկճուածութեան եւ կ'օգնէ տրամադրութեան բարելաւման:
  • Անիկա նաեւ օգտակար է կնոջ համար` յղութեան շրջանին, դաշտանի եւ դաշտանադադարի ընթացքին:
  • Կ'օգնէ նաեւ պայքարելու ոսկրափտութեան դէմ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել