Հոռեկավանք
Հոռեկավանք, ԺԳ. դարու վանական համալիր, պատմական Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Խաչէն գաւառին մէջ։ Ներկայիս համալիրը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի, Թալիշ գիւղէն շուրջ 5 քմ հարաւ արեւմտեան ուղղութեամբ՝ անտառապատ սարալանջին։
Վանքային համալիր | |
---|---|
Երկիր | Արցախ |
Ճարտարապ. ոճ | Հայկական |
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄուտքին գտնուող կիսակամար քարին վրայ փորագրուած արձանագրութիւններուն համաձայն՝ վանքին եկեղեցին վերակառուցուած է 1279-ին, իսկ գաւիթը՝ 1284-ին[1]։
Եկեղեցւոյ վերակառուցման, ինչպէս նաեւ գաւիթին կառուցման շինարարը Յովհաննէսն է։ Անոր անունը Ստեփանոս քահանային հետ միասին կը յիշուի վիմական արձանագրութեան մէջ[1]։
Ճարտարապետութիւն
ԽմբագրելՀամալիրը բաղկացած է եկեղեցիէն, գաւիթէն, զանգակատունէն, ընդարձակ հանգստարանէն եւ այլ քանդուած շինութիւններէ։
Եկեղեցւոյ եւ գաւիթին պատերը կառուցուած են կոպտատաշ կրաքարէ, ունին պարզ եւ անպաճոյճ տեսք մը։ Մուտքերուն եւ լուսամուտներուն երեսակալները մաքուր տաշուած քարէ են։
Եկեղեցին ունի միանաւ կառոյց մը, երկթեք թաղակապ ծածկոյթը կը յենի պատերուն։ Ուղղանկիւն աղօթասրահին բեմին խորքը կը գտնուի հնագոյն դամբարանը։ Խորանը կը լուսաւորուի երեք պատուհաններով։ Գաւիթը երկու զոյգ փոխհատուող կամարներու վրայ յենող ծածկոյթով է. կը պատկանի հայկական գաւիթներու ԺԳ. դարու տարածուած տիպին։
Այլ տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՀոռեկավանքէն շուրջ 100-150 մ հիւսիս պահպանուած է հայկական ժողովրդական ճարտարապետութեան լաւագոյն նմուշներէն՝ Կիւլիստանի Մելիք-Բեգլարեաններու ապարանքը։ Կառոյցին յատակագիծին լուծումը ենթարկուած է հայկական ժողովրդական բնակելի տան, այսպէս կոչուած, համալիր տիպի յատակագծային սկզբունքին։ Ուշագրաւ են հարաւային թեւին քառակուսի յատակագիծով զոյգ գլխատները (քարակերտ գմբէթները կանգուն էին մինչեւ ԺԹ. դարու վերջերը): Ապարանքին ժողովրդական բնակելի տան շինութեան աւանդոյթները միահիւսուած են դարաշրջանին պաշտպանական կառոյցներուն կառուցողական սկզբունքներուն հետ (ուղղանկիւն պարագիծով պարիսպ եւ դիտանցքաւոր աշտարակներ), եւ ապարանքը իր հիմնական բնակելի նշանակութեամբ հանդերձ, միաժամանակ, պալատ-ամրոց է, դարաշրջանի պաշտպանական կառոյցի նոր տիպի՝ բերդերու եւ ամրոցներու կողքին։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԳրականութիւն
Խմբագրել- Ղուլեան Ա., Արցախի պալատական ճարտարապետութեան երկու յուշարձան, ԼՀԳ, 1982, դ 10։