Հռոմէական Դիցաբանութիւն

Հռոմէական դիցաբանութիւնը մաս կը կազմէ Հռոմի աւանդական պատմութիւններուն, որոնք կը վերաբերին հին Հռոմի առասպելական ծագումին եւ կրօնական դրութեան, ինչպէս ներկայացուած է Հռոմէացիներու գրականութեան եւ տեսողական արուեստի մէջ։ Հռոմէացիները ընդհանրապէս այս դիւցաբանութիւնները կը համարեն որպէս պատմութիւն, թէկուզ անոնք գերբնական եւ անհաւատալի են։ Անոնք ընդհանրապէս կ՚արծարծեն քաղաքական եւ բարոյական նիւթեր եւ ինչպէս անձին բարոյական սկզբունքները կ՚ազդեն իր պատասխանատուութեան վրայ Հռոմէական ընկերութեան հանդէպ։ Հերոսութիւնը կարեւոր բներգ մըն է։ Կրօնական սովորութիւններու հետ կապուած նիւթերը կ՚ընդգրկեն կրօնական ծէսերը, համայնքներն ու հաստատութիւնները, աւելի քան աստուածաբանութիւնը կամ տիեզերային գիտութիւնը։

Հռոմէական կրօնի եւ առասպելի ուսումնասիրութիւնը բարդ է, քանի որ իր վրայ ազդած են յունական դիցաբանութիւնն ու գեղարուեստը։ Իսկ քալով աստուածաբանութեան, հռոմէացիները փորձած են իրենց աստուածները նմանցնել յոյն աստուածներու «Յունաստանի մեկնաբանութիւն» եւ Յունական աստուածութիւնները իւրացնել։ Թէեւ յունական դիցաբանութեան չափ չունի աստուածներ «Romulus and Remus» եւ «she wolf»ի պատկերը բացի «Trojan Horse»էն, յունականին չափ նշանաւոր է։

Հռոմէական Առասպելի Բնոյթը

Խմբագրել
 
Ռիմինի

Ծէսը գլխաւոր դեր խաղցած է Հռոմի կրօնքին մէջ, իսկ դիցաբանութիւնը՝ Յունաստանի։Այս պատճառով ալ, կ'ենթադրուի, թէ Հռոմ ունեցած է իր յատուկ մայրենի դիցաբանութիւնը։ Այս ընկալումը կու գայ ռոմանթիզմէն եւ Ժթ. դարու դասական ուսումնասիրութենէն, որ կ՚արժեւորէ յունական քաղաքակրթութիւնը, ըսելով թէ՝ ան վաւերական աւելի ստեղծագործական է։ «Վերածնունդ»էն սկսեալ մինչեւ Ժը. դար, Հռոմէական դիցաբանութիւնը ոգեշնչած է Եւրոպական գեղանկարչութիւնը։ Հռոմի հիմնադրման վերաբերող հռոմէական աւանդութիւնը հարուստ է դիցաբանութիւններով եւ առասպելներով։ Այս պատմութիւնները մէծապէս կը կեդրոնանան մարդկային դերասաններուն վրայ, աստուածային դերասաններու պատահական միջամտութեամբ։ Հռոմի ամենահին ղրջանին, պատմութիւնն ու դիցաբանութիւնը հաւասար եւ լրացուցիչ էին։ Ինչպէս «Դ. Բ. Ուազմըն կը նշէ,- Հռոմէական պատմութիւնները դեռ կարեւոր են, ինչպէս կարեւոր էին «Տանդէ»ին 1300-ին, «Շեյքսբիր»ին 1600-ին եւ Միացեալ նահանգներու հիմնադիրներուն 1776-ին։ Ի՞նչ է պէտքը ազատ քաղաքացի ըլլալու համար։ Հանրապետութիւն մը դեռ գերբնական ուժ մը կրնա՞յ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս լաւ նպատակներով հիմնուած իշխանութիւն մը կը դառնայ մարդասպան բռնակալութեան։

Հռոմէական դիցաբանութեան հիմնական աղբիւրներէն են՝ «Վերգիլիոս»ի «Aeneid»ը եւ «Լիվիտիոս» պատմութեան առաջին քանի մը գիրքերը, ինչպէս նաեւ «Տիոնիսիըս»ի «Roman Antiquities»։ Ուրիշ կարեւոր աղբիւրներէն են՝ «Օվիտոսի»ի «Ֆասդի»ն, որ վեց գիրք բանաստեղծութիւն մըն է կառուցուած Հռոմէական կրօնական օրացոյցով եւ «Բրոբէրդիըս»ի «Elegies»ի 4-րդ գիրքը։Հռոմէական առասպելներուն տեսարանները նաեւ որմնանկարչութեան, դրամներուն, քանդակներուն՝ մասնաւորապէս ռելիեֆներու վրայ կը գտնուին։

Մարդոց մօտ «Դից» բառը անմիջական կապ մը կը ստեղծէ յունական հերոսական կռիւներուն, ինչպէս նաեւ «Զեւս» աստուծոյ եւ այլ աստուածներու հետ[1]:

Հռոմի Հիմնադրման Մասին Առասպելները

Խմբագրել

«Aeneid»ի եւ «Լիվիտիոս»ի հին պատմութիւնները Հռոմի հիմնադրման հիմնական պահպանուած աղբիւրներէն են:

Հռոմի հիմնադրման մասին առասպելները «Aeneid»ի եւ «Լիվիտիոս»ի հին պատմութիւնները Հռոմի հիմնադրման հիմնական պահպանուած աղբիւրներէն են: Յունական հերոսական առասպելը միացուած է իր հիմնադրման ամենահին ցեղերուն պատմութեան հետ։

Այլ առասպելներ

Խմբագրել

Հռոմին բնորոշ առասպելները ընդհանրապէս բարոյական կամ քաղաքական բնոյթ կը կրեն, այսինքն կապուած են հռոմէական կառավարման համակարգի զարգացման հետ՝ աստուածային օրենքներուն հետ համադրուած եւ մարդու բարոյական յոյսերուն կապուածութիւնը ցոյց կու տայ:

 
Իւղանկար՝ Մաթիաս Սթոմըր
  • Չհամարակալած ցանկի տարր

Սոբինուհիներու առեւանգումը կը բացատրէ սոբինացիներու կարեւորութիւնը հռոմէական մշակոյթի ձեւաւորման եւ յառաջադիմութեան մեջ՝ վէճերու եւ համագործակցութեան ճամբհով:

  • Չհամարակալած ցանկի տարր

Նումա Պոմպիլիըսը, ծագումով սոբինացի Հռոմի երկրորդ արքան, որ կապ հաստատեր էր նիմփա Էճերիային հետ եւ հիմնած բազմաթիւ Հռոմի վաւերական եւ կրօնական հաստատութիւններ:

  • Չհամարակալած ցանկի տարր

Սերվիըս Տուլլիըսը՝ Հռոմի վեցերորդ արքան, որ, ըսեր էին՝ Ֆորդիունա աստուածուհիի սիրահարն էր, եւ որուն ծագումը առասպելացուած էր:

  • Չհամարակալած ցանկի տարր

Տարպեան ժայռը եւ թէ ինչու գործածուած էր դաւաճաններուն մահապատիժի ենթարկելու ժամանակ:

  • Լուքրեշիան, որուն անձնազոհութիւնը հետագայ Հռոմէական կայսրութեան տապալման պատճառ կը դառնայ եւ առիթ կ'ընծայէ Հանրապետութեան հիմնադրութեան:


  • Հորաշիըսը կամուրջի վրայ, որ ապացուցեց անհատական խիզախութեան կարեւորութիւնը:
  • Մուգիըս Սգաեւոլան, որ աջ ձեռքը կրակի մեջ դրաւ, որպէսզի փաստէ Հռոմի հանդէպ իր հաաւտարմութիւնը:
  • Մարգըս Մընիլիըս Գաբիդոլինըսը եւ բադերը, որոնք աստուածային միջամտութիւն ունեցան գալլիացիներու կողմէն Հռոմի շրջափակման ժամանակ։
  • Պատմութիւններ՝ Գարբոդինայի եւ Փոփլիֆուճիայի տօնակատարութեան վերաբերուող։
  • Գայիըս Մարգիըս Գորիոլանըս՝ պատմութիւն քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան մասին:
  • Էդրուսգըն Գորիդըս քաղաքը ՝ որպէս իտալական եւ «Trojan» քաղաքակրթութեան «ծննդավայրը»:
  • Մեծ Մայրաբեր (Cybele) ժամանումը Հռոմ:


Կրօն եւ առասպելաբանութիւն

Խմբագրել

Աստուածային աւանդապատումը յունական հոգեւոր հաւատքի համակարգման աւելի կարեւոր դեր խաղցած է, քան հռոմէականի՝ որուն համար ծիսակարգը եւ պաշտամունքը սկզբնական էին: Չնայած, որ հռոէական կրօնը հիմնաուած չէր սուրբ գրութեան վրայ, կրօնական գրականութիւնը լատինական արձակի ամենաուշ գրական ձեւերէն մէկն է:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Alan Cameron Greek Mythography in the Roman World (2005) OUP, Oxford (reviewed by T P Wiseman in Times Literary Supplement 13 May 2005 page 29)
  • Lexicon Iconographicum Mythologiae Classicae (LIMC) (1981–1999, Artemis-Verlag, 9 volumes), Supplementum (2009, Artemis_Verlag).
  • LIMC-France (LIMC) : databases dedicated to Graeco-Roman mythology and its iconography.

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. [1] Հռոմէական Դիցաբանութիւն