Ձորամիջի վանք[1][2] հայ առաքելական միջնադարեան վանական համալիր Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզի Օձուն գիւղին մէջ՝[3] բնակավայրէն 1.5 քմ հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ: Օձուն - Այգեհատ ճանապարհէն ձախ, Դեբեդի ձախափնեայ ձորալանջին։ Ընդգրկուած է Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Ձորամիջի Վանք
Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հոռոմայրի վանքի գոյութեան մասին առաջին տեղեկութիւնները կը վերաբերին աւելի վաղ ժամանակներուն: Կայ քանի մը աւանդութիւններ վանքին հետ կապուած[4]:

1. Հիմնուած է Վասիդ անունով յոյն իշխանի մը կողմէ 13-րդ դարու սկիզբները Վասիդը Հայաստան եկած է որպէս դեսպան, սակայն ծանր հիւանդութեամբ տառապելով, ամոքուած է Յովհան Օձնեցիի աղօթքներու շնորհիւ: Տեսնելով այս հրաշքը, ան կը հրաժարի աշխարհիկ կեանքէն, կը կառուցէ վանքը, ուր եւ կը ճգնի մինչեւ կեանքի վերջ: Քանի որ վանքի հիմնադիրը հոռոմ էր, վանքը կը կոչուի Հոռոմայր[5][6][7]:

2. Վանքի առաջին եկեղեցին կառուցած է Հերակլ կայսրը՝ 7-րդ դարուն: 11-րդ դարուն այս վանքը ձեռք կը բերէ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի մասունքները, որու պատճառով ալ կոչուած է Սուրբ Նշան[8]:

Ստորին յուշարձանախումբը աչքի կը յարնէ միջավայրի հետ ունեցած ներդաշնակ կապով: Անմատչելի դիրքով, մերձակայ քարայրներու գոյութեամբ միաժամանակ հանդիսացած է ապաստարան թշնամիի յարձակումներուն ժամանակ:

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Բաղկացած է իրար կից շարքում մը տեղակայուած ոչ մեծ եկեղեցի-զանգակատունէ, առանձին գտնուող ժամատունէ, մատուռներէ, խաչքարերէ, ժայռափոր անձաւներէ:

Եկեղեցի զանգակատուն

Խմբագրել
 
Հոռոմայրի ստորին յուշարձանախումբ

Վիմական արձանագրութեան մէջ կ՚անուանուի Սուրբ Նշան, որ տարածուած է ողջ յուշարձանախումբի վրայ: Թաղակապ դահլիճ է՝ պայտաձեւ խորանով: Աղօթասրահի լայնական չափը (3.4 մ) մեծ է երկայնականէն (2.6 մ): Խորանի անկիւնային մասերու եւ արեւմտեան պատի պահունակներուն վրայ կը հենուին չորս որմնակամարներ, որոնք կը պահեն թաղածած եւ յետագային յաւելուած զանգաշտարակը (1290 ): Արեւմտեան պատը անմիջականօրէն կը յարի է ժայռին, որու ստորին մասը շարուած են նուրբ զարդաքանդակներով խաչքարեր: Արեւմտեան պատի միջին մասէն կը բացուի դուռ դէպի ժայռափոր կլորաւուն յատակագիծով անձաւը: Յատակը պատած է տապանաքարերով: Պատերը կառուցուած են սրբատաշ բազալտէ քարերով, որոնց չափերը ստորին մասը կը հասնին մինչեւ 1.5 մ:

 
Հոռոմայրի ստորին յուշարձանախումբ, Յիսուս Քրիստոսի քանդակը եկեղեցի-զանգակատան մուտքի բարաւորին

Միակ հիւսիսային մուտքը ունի սլաքաձեւ վերջաւորութեամբ ոչ խոր փորուած եզրակալ, որու երկու կողմը՝ կից քարերու վրայ պատկերուած են ողջ հասակով մէկ կանգնած հրեշտակներ՝ խաչը իրենց ձեռքին: Բարաւորի հարթութեան վրայ Քրիստոսի դիմաքանդակն է՝ ներքեւէն սահմանափակուած զոյգ դափնետերեւներով: Աջ ձեռքը բարձրացած է, իսկ ձախ ձեռքին աւետարան է՝ երկու կողմը Յ[ԻՍՈՒՍ] Ք[ՐԻՍՏՈՍ] մակագրութեամբ:

Եկեղեցի-զանգակատան յետագային կցուած ըլլալը ակնյայտօրէն կ՚երեւի նաեւ ներսէն. հարաւային կողմէ առանձին պատ չունենալով, անոր թաղի եւ կամարի համար որպէս հենարան կը ծառայէ միջին եկեղեցւոյ քիւը:

Զանգաշտարակը ունի ութ սիւն՝ մէկընդմէջ ութանկիւն եւ քառակուսի կտրուածքներով, որոնց կը հենուինն դեղնաւուն ֆելզիտէ սլաքաձեւ կամարները:

Շինարարական արձանագրութեան համաձայն կառուցուած է 1187-ին Զաքարէ եւ Իւանէ սպասալարներու կողմէ:

Արեւմտեան կողմի ժայռի հիւսիսային շարունակութեան վրայ քանդակուած են տասնեակի հասնող 13-րդ եւ 14-րդ դարերու թուագրուած խաչաքանդակներ: Մուտքի առջեւ եղած փայտաշէն սրահ, որմէ կը պահպանուին կաղնի փայտէ պատրաստուած պարզ խոյակներով հենարանները եւ մարդակներու մասը մը: Սրահի երբեմնի գրաւած տարածքին մէջ կը գտնուի բարձրարուեստ զարդաքանդակներով Տէրունական խաչքարը՝ կերտուած 1201-ին: Հիւսիսային կողմը կան կացարաններու պատերու մնացորդներ:

Միջին եկեղեցի

Խմբագրել
 
Հոռոմայրի ստորին յուշարձանախումբ

Ձորամիջի վանքի համեմատաբար վաղ կառուցուած շինութիւն է: Կ՚ենթադրուի որ եկեղեցին կառուցուած է 12-րդ դարու կէսերուն:

Հիւսիսէն կից է եկեղեցի զանգակատան, իսկ հարաւէն՝ միւս աւելի փոքր եկեղեցւոյ:

Արեւելք-արեւմուտք փոքր ձգուած երկթեք կտուրով թաղածածկ դահլիճ է: Ունի կիսածրջանաձեւ խորան:

Միակ մուտքը հիւսիսէն է, որ կը բացուի դէպի եկեղեցի-զանգակատունը:

Կառուցուած է կոպտատաշ, ծակոտկէն ոչ խոշոր բազալ քարերով:

Արտաքին ծաւալային լուծմամբ, կցման ուղղաձիգ քարերով, քարատեսակով եւ մշակմամբ որոշակիօրէն կը զատուի կից կառոյցներէն:

Եկեղեցւոյ կտուրը հենարան կը ծառայէ եկեղեցի-զանգակատան արեւելեան պատի վերին մասին համար:

Փոքր եկեղեցի

Խմբագրել
 
Հոռոմայրի ստորին յուշարձանախումբ, հարաւային եկեղեցի

Հարաւային եկեղեցին է, որ աւելի շուտ մատուռ: Յօրինուածքով նման է թաղակապ դահլիճի՝ քառակուսուն մօտ համաչափութիւններով:

Արեւելեան ճակատը շարքի միւս կառոյցներուն հետ կը գտնուի նոյն գիծի վրայ, ապա արեւմտեանը միջին եկեղեցիէն ետ ինկած է մօտ 2.5 մ: Ծածկը կրելու համար միջին եկեղեցւոյ հարաւային պատին կից դրուած է նոր պատ:

Միակ մուտքը արեւմտեան կողմէ էր, որու բարաւորի արձանագրութեան համաձայն կառուցած են Յակոբի եւ Խալիի որդիներ Սարգիսը եւ Զաքարէն՝ 1201-ին:

Ունի երկլանջ կտուր՝ միջին եկեղեցւոյ համեմատաւելի ցած դիրքով: Կառուցուած է սրբատաշ բազալտեոչ խոշոր քարերով:

Սուրբ Աստուածածին ժամատուն

Խմբագրել
 
Հոռոմայրի ստորին յուշարձանախումբ

Սուրբ Աստուածածին ժամատունը կը գտնուի Սուրբ Նշան եկեղեցի-զանգակատունէն 25 մ հիւսիսային ուղղութեամբ: Ընդարձակ սրահ է՝ հիւսիս-հարաւ ձգուածութեամբ: Արեւելեան պատի միջին մասը ունի ներքուստ կիսաշրջանաձեւ, արտաքուստ ուղղանկիւն եզրագիծով խորան՝ նեղ պատուհանով: Մէկական լայն պատուհաններ (կաղնիէ բարաւորներով) կան խորանի եզրային պատերուն մէջ:

Մուտքերը երկուք են՝ հիւսիսային եւ հարաւային կողմերէ, հանդիպակած դասաւորութեամբ: Արեւմտեան կողմէն որպէս պատ կը ծառայէ ժայռը: Արեւելեան պատը սրբատաշ, իսկ միւսները կոպտատաշ բազալտ քարերով: Ներսէն եղած է սուաղուած: Խորանի մասը տեղ-տեղ նկատելի են որմնանկարներու հետքեր:

Ծածկը չէ պահպանուած: Թաղերու եւ հենարաններու հետքերու բացակայութիւնը, պատերու ոչ մեծ թանձրութիւնը հիմք կու տան ենթադրելու, որ ժամատունը ունեցած է փայտէ ծածկ: Արեւելեան պատի մնացորդէն կ՚երեւի, որ տանիքը եղած է երկլանջ:

Խորանի ճակատի արձանագրութեան համաձայն կառուցուած է 1301-ին՝ Իգնատիոս վարդապետի կողմէ:

Օժանդակ շինութիւններ

Խմբագրել

Յուշարձանախումբին արեւմուտքէն յարող ուղղաձիգ ժայռի տարբեր մակարդակներուն մէջ կը գտնուին անձաւներ՝ մէկ մասը ամրացուած պատերով: Հարաւարեւմտեան կողմի ժայռի միջին մասին մէջ կը գտնուի մատուռ՝ բազալտէ մաքարատաշ խոշոր քարերով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ի. Յարությունեան, Աշակերտի յուշատետր, Լումա հրատարակչութիւն, գիրք Ա, Թփղիս, 1897 թուական, էջ 275
  2. Հ. Եղիազարեան, Ալավերդու շրջանի կուլտուրայի յուշարձանները, Երեւան, 1952 թուական, էջ 35-36
  3. Brothers Baghdasaryan։ «Հոռոմայր վանքային հալալիր»։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-13 
  4. Ա. Ա. Մանուչարեան, Հոռոմայրի վերին յուշարձանախումբը, «ՊԲՀ», 1979 թուական, թիւ 4, էջ 269-270
  5. Բարձրբերդցի, «Պատմութիւն տիեզերական», Մոսկուա, 1861 թուական, էջ 101-102
  6. «Ազգագրական հանդէս» 7, 8, Թիֆլիս, 1901 թուական, էջ 77
  7. Ղ. Ինճիճեան, Ստորագրութիւն հին Հայաստանեայց, Վենետիկ, 1822 թուական, էջ 362
  8. Ս. Ջալալեան, Ճանապարհորդութիւն հ Ա, 1877 թուական, էջ 92