Ղազարոս Ղազարոսեան
Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեան (ծն.՝ 1878, Կեսարիոյ Թոմարզա հայաշատ գիւղը - մահ-՝ 31 Մայիս 1918,Կեսարիա ) Մանկավարժութիւն աւարտած ուսուցիչը: Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայ բեկորներու մեծավաստակ փրկարարը: Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման առասպելատիպ դէմքերու շարքին իր յատուկ տեղը ունի Մարզպետ, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծ անունով, գաղափարի իր ընկերներուն հետ ասպատակ խումբ մը ստեղծեց եւ, յանդուգն յարձակումներ կազմակերպելով, մահուան ճիրաններէն փրկեց հարիւրաւոր հայ տարագիրներ։
Ղազարոս Ղազարոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1878 |
Ծննդավայր | Կեսարիոյ Թոմարզա հայաշատ գիւղը |
Մահուան վայր | Կեսարիա |
Մասնագիտութիւն | Մանկավարժութիւն |
Գործունէութիւն | ուսուցիչ |
Կենսագրութիւն
Խմբագրել- Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը ծնած էր 1878ին, Կեսարիոյ Թոմարզա հայաշատ գիւղը։ Մանուկ հասակին որբացած՝ ղրկուած էր Պոլիս եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան։ Նախակրթութիւնը ստացած էր «Պէզճեան» վարժարանի մէջ եւ, բարձրագոյն ուսման համար, հօրեղբօր կողմէ ուղարկուած էր Գերմանիա, ուր աւարտեց Լայպցիկի համալսարանի մանկավարժութեան ճիւղը։
- 1915ի Ապրիլ 24ի հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութենէն եւ աքսորէն ետք։ Ինչպէս Շաւարշ Միսաքեան, նոյնպէս եւ Մարզպետ կրցաւ խոյս տալ ձերբակալութեանց արշաւէն, իր կարգին ընդյատակեայ գործունէութեան անցաւ, ամիսներով թագստոցներու մէջ ապրեցաւ ու գործեց ի խնդիր ձերբակալուած հայ մտաւորականներու ազատ արձակման կամ բանտէ փախուստին։
Մարզպետի ասպատակային գործունէութիւնը
Խմբագրել- Իբրեւ գերմանացիներու մօտ պաշտօնեայ հրեայ, ան գործեց Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններու մէջ՝ տեղ մը ձիաւոր խումբով յարձակելով հայ տարագիրներ փոխադրող թուրք ոստիկաններու վրայ եւ ազատելով մահուան դատապարտուած իր ազգակիցները, կամ՝ ասպատակելով եւ գողնալով թուրք ոստիկաններուն ուղարկուած պարէնը, որպէսզի կարելի ըլլար հոգալ անապատը կտրող եւ ծայրագոյն անօթութեան մատնուած հայերը։
- Այդ գործունէութեամբ Մարզպետ երկար շրջան մը ապրեցաւ Հալէպի մէջ, միշտ իբրեւ գերմանական ընկերութեան հրեայ պաշտօնեայ եւ հոնկէ կազմակերպեց իր ասպատակումները։
- երբ թրքական իշխանութիւնները սկսան կասկածիլ ու հետապնդումի ենթարկել խորհրդաւոր «հրեան», Մարզպետ հեռացաւ Հալէպէն եւ յայտնուեցաւ Կեսարիոյ մէջ՝ այս անգամ իբրեւ թուրք վաճառական Հիւսէյին Էֆէնտի, շարունակելու համար անպաշտպան եւ անօթեւան հայերուն օգնութեան հասնելու ասպատակային իր գործունէութիւնը։
- Մարզպետ հեռացաւ Հալէպէն եւ յայտնուեցաւ Կեսարիոյ մէջ՝ այս անգամ իբրեւ թուրք վաճառական Հիւսէյին Էֆէնտի, շարունակելու համար անպաշտպան եւ անօթեւան հայերուն օգնութեան հասնելու ասպատակային իր գործունէութիւնը։ Այս շրջանին Մարզպետ մեծապէս օգտուեցաւ Կեսարիոյ թուրք կուսակալին հետ հաստատած իր անձնական մտերմութենէն։
Լեզուներու հմտութիւնն ու գործունէութիւնը
Խմբագրել- Թրքերէնի իր տիրապետումը լաւագոյնս օգտագործեց՝ բանտապահներուն հաւատացնելու համար, որ ինք իբր թէ իթթիհատական իշխանութեանց կողմէ ընդյատակեայ գործունէութեան կոչուած հայերու մատնիչ մըն էր եւ թիւրիմացաբար բանտ բերուած էր։ Երկար պնդումներէ ետք յաջողեցաւ բանտապետին համոզել, որ իբր թէ անձամբ ներքին գործոց նախարար Թալէաթին կարեւոր տեղեկութիւններ ունէր փոխանցելու։
- 1916ի Փետրուարին Մարզպետ արդէն ազատօրէն կը շրջէր Գոնիայի մէջ. երկար մօրուք ձգած էր, հրեայ Պոֆոր Էֆէնտի անունով անցագիր մը ճարած էր եւ գերմաներէնի իր հմտութեամբ պաշտօն գտած էր գերմանական երկաթուղագիծի կառուցման ընկերութեան մէջ։ Կազմած էր դաշնակցական իր ընկերներուն՝ Տիգրան Ծամհուրի, Խոսրով Պապայեանի եւ փրոֆ. Ա. Խաչատրեանի հետ ասպատակներու խումբ մը, տարագրեալ հայերուն օգնութեան հասնելու նպատակով։
Մահ
ԽմբագրելՃակատագրի հեգնանքով անհեթեթ մահը յանկարծ առյաւէտ ընդհատեց յանդուգն գործունէութիւնը Մարզպետի։ Ձիով շրջագայութեան պահու մը, 31 Մայիս 1918-ին, պատահական արկածի մը հետեւանքով ան գլորեցաւ ձիէն եւ մահացու վիրաւորուեցաւ։ Օգնութեան հասած թուրք բժիշկները չկրցան փրկել իրենց «ազգակից»ին կեանքը։ Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի իր մահկանացուն կնքեց եւ մահմետական կարգով թաղուեցաւ թուրք մոլլայի մը կողմէ։
«Ճակատամարտ» անունով վերահրատարակուող «Ազատամարտ»ը ըստ արժանւոյն, 24 Ապրիլ 1921-ի իր բացառիկ համարով, «Ճակատամարտ» հետեւեալ վկայութեամբ կ’աւարտէր Մարզպետի նուիրուած մահագրութիւնը.