Արցախեան ձի (Ղարաբաղեան ձի) լեռն, հեծկան ձիերու ցեղ։ Ստեղծուած է հնագոյն ժամանակներուն ժողովրդական ընտրասերման (պարսկական, թուրքմէն, հնագոյն, իսկ յետագային արաբ, ձիերու ցեղերի ներազդման) միջոցով՝ Կուր եւ Արաքս գետերու միջեւ ինկած տարածքին մէջ։ Հայոց այրուձիի կազմին մէջ յայտնի էր որպէս լաւագոյն հեծկան։ Արտահանուած է տարբեր երկիրներ (Իրան, Ֆրանսա, Լեհաստան եւ այլն)։ Նշանաւոր է իր գեղեցիկ կառուցուածքով, արտաքին տեսքով կը նմանի արաբ, ձիերուն (չոր մարմնակազմուածք եւ հեզ վարքագիծ)։ Գլուխը թեթեւ է, իրանը՝ ուղիղ։ Մնդաւի բարձրութիւնը 145-150սմ է, իրանի թեք երկարութիւնը՝ 145-150 սմ, կուրծքի փաթը՝ 160-165 սմ, դաստակի փաթը՝ 16-18 սմ՝. Երանգն աշխէտ է, մոխրագոյն, դեղին՝ ոսկիէ կամ արծաթէ փայլով։ Օգտագործուած է Դոնի, անդրկովկասեան հանրապետութիւններու, Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու տարբեր ձիերու ցեղերու բուծման եւ բարելաւման նպատակով։ Սահմանափակ քանակով կը բուծուի ԼՂՀ տարբեր շրջաններուն մէջ։

Արցախեան ձի
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։