Ճան (Եուհաննա) Աբգարիոս

Ճան Եուհաննա Աբգարիոս
Ծնած է Սեպտեմբեր 1832
Ծննդավայր Պէյրութ
Մահացած է 1886
Մահուան վայր Այթեթ, Սուրիոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնեայ
Կարողութիւն մասնաւոր կարողութիւն լեզուներ սորվելու
Մասնագիտութիւն առեւտրական, գրագէտ
Աշխատավայր հաշուապահ
Ամուսին Աֆիֆե Գանավաթի?
Ծնողներ կարգաթող Յակոբ Եպիսկոպոս
Երեխաներ Ալիս Աբգարիոս եւ Միշել Աբգարիոս?

Յաջող գրագէտներ շատ գտնուած են, նոյնպէս յաջող առեւտրականներ։ Սակայն թէ՛ գրականութեան եւ թէ առեւտուրի մարզին մէջ յաջողած դէմքեր շատ կան։ Ահա այս բացառութիւններէն է Ճան կամ տեղացի ժողովուրդին կողմէ որպէս Եուհաննա ճանչցուած Աբգարիոս։

Կարգաթող Յակոբ եպիսկոպոսի այս երկրորդ տաղանդաւոր զաւակը ծնած է Պէյրութ՝ Սեպտեմբեր 1832-ին, գրեթէ ոչինչ գիտենք իր մանկութեան մասին, մինչեւ իր հօր մեռնիլը՝ 1845-ին, յոյն օրթոտոքս դպրոց մը կը յաճախէր, ուր սորվեցաւ յունարէն եւ արաբերէն: Բացի այս երկու լեզուներէն, գիտէր նաեւ հայերէն եւ թրքերէն, զորս սորված էր իր հօրմէն։ Հօրը մահէն յետոյ, մայրը կաթոլիկ մը ըլլալով՝ Ճանը դրաւ Յիսուսեաններու դպրոցը։ Սակայն մօրը զինք կրօնափոխ ընելու այս ընթացքը շատ ալ հաճելի չթուեցաւ պատանի Ճանին, որ դպրոցէն փախաւ եւ գանգատեցաւ Պէյրութի անգլիական հիւպատոս՝ Պրն.Էլտրիճին, որ Յակոբ Աբգարեանի (Աբգարիոս) զաւակներուն մենտոր նշանակուած էր։ Պրն.Էլտրիճ կարգադրեց, որ Ճան իր զաւակներուն հետ մասնաւոր դասընթացքներու հետեւի։

Անշուշտ վերոյիշեալ կարգադրութիւնը երկար տեւած չէր կրնար ըլլալ, սակայն տեղեկութիւն ալ չունինք թէ ե՞րբ եւ կամ քանի՞ տարի Ճան գոլէճ գնաց։ Սակայն սա որոշ է թէ հաշուակալութեան մասնաւոր դասեր առաւ, հանդիսանալով կարող հաշուապահ մը։ Ուշիմ եւ աշխատասէր պատանի մըն էր ու մասնաւոր յատկութիւն ունէր լեզուներ սորվելու։ Երբ 18 տարեկանին գանձապահի պաշտօն ստացաւ Պէյրութի Պանք օթոմանի մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 182։