Ճափոնի նախակրթարանները
Ճափոնի նախակրթարանները, (小学校, Shōgakkō) Պարտադիր են բոլոր այն երեխաներուն համար, որոնք Ապրիլին՝ վեց տարեկան կը դառնան[1]:
Առօրեայ
ԽմբագրելԱռաւօտուն աշակերտները իրենց կօշիկները կը հանեն շէնք մտնելէ առաջ, ապա, անոնք կը հագուին տան մէջի յատուկ կօշիկներ: Այս ձեւով դասարանները եւ անցքերը նուազ կ'աղտոտին:
Առտուն աշակերտները յաճախ կը սկսին ճափոներէնի դասով ճափոնական գրութիւնը բաղկացած է սովորական այբուբենէն տարբեր նկարագիրերէ` Քանճիները եւ քանաները:
Աշակերտները կը սորվին կարդալ եւ գրել վերէն վար եւ աջէն ձախ:
Երբ նախակրթարանը աւարտեն, աշակերտները սորված կ'ըլլան մօտաւորապէս հազար քանճի եւ քանա:
Հետագային անոնք կը տիրապետեն երկու հազարի:
Երբեմն գիտութեան դասերը կը տրուին դպրոցին պարտէզին մէջ, ուր աշակերտները հատիկներ կը ցանեն: Ամէն շաբաթ անոնք կը վերադառնան` ուսումնասիրելու հատիկներուն աճը: Իւրաքանչիւր աշակերտ բոյսի մը պատասխանատու է. ան այդ բոյսը պէտք է խնամէ դպրոցական ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին:
Աշակերտները կը սորվին գրել ճափոներէնի մէջ գործածուած նկարագիրերը: Ուսուցչուհին նախ նկարագիրը գրատախտակին վրայ կաւիճով կը գրէ, նոյն ժամանակ աշակերտները այդ նկարագիրը իրենց ձեւով կը կրկնեն օդին մէջ: Երբ անոնք այդ ձեւին կը տիրապետեն, կրնան վրձինը առնել:
Գեղագրութեան համար աշակերտները կը գործածեն` բարակ վրձին մը, հաստ վրձին մը, չինական մելան եւ «սուզուրի» կոչուած մելանի աման մը: Անիկա կազմուած է երկու բաժինէ. «ծովը» կոչուած փոսիկէ մը, ուր մելանը կը դրուի, եւ` «բլուր կոչուած բարձր բաժինով մը, ուր վրձինին ծայրը կը քսուի աւելորդ մելանը հանելու համար:
Զբօսանք
ԽմբագրելԶանգը կը հնչէ, եւ բոլոր աշակերտները բակ կ'իջնեն: Ամէնէն աւելի սիրուած խաղերը օրօրոցները եւ մէկ անիւով հեծիքներն են:
Զբօսանքի աւարտին աշակերտները կը հաւաքուին մուտքի դրան առջեւ: Անոնք կը շարուին ետեւ-ետեւի, շաբթուան շարքը պատասխանատուին առջեւ: Անոնք իրարու միջեւ պէտք է ձգեն թեւի երկարութեամբ պարապութիւն, ապա աշակերտները դասարան կը վերադառնան:
Կէսօր
ԽմբագրելՃափոնի մէջ աշակերտները ճաշասրահ չեն երթար: Հինգ վայրկեանէն անոնք իրենց դասարանը ճաշասրահի կը վերածեն: Անոնք իրենց սեղանները կը տեղափոխեն եւ զանոնք երեք երկար սեղաններու կը վերածեն: Ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր առջեւ կը դնէ ափսէ եւ զայն գունաւոր կերպասով մը կը ծածկէ: Ապա անոնք ուտելէ առաջ քաղաքավարական յատուկ ձեւ մը կ'ընեն. անոնք իրենց ձեռքերը իրարու կը միացնեն եւ կ'ըսեն` «Իթատաքիմասու»: Այս բանաձեւը կը նշանակէ` «Կը ստանամ, շնորհակալութիւն»:
Ամէն շաբաթ խումբ մը աշակերտներ կը զբաղին ճաշով: Կարգ մը աշակերտներ փայտէ ցպիկները եւ կաթը մինչ այդ միւսները ճաշին կը սպասեն գիրքեր կարդալով:
Չափահասները կը բերեն ճաշերը, ապա փոքրիկ մատուցողները զանոնք իրենց ընկերներուն կը բաժնեն: Կարգ մը աշակերտներ իրենց բերանին առջեւ յատուկ դիմակ մը կը դնեն մանրէներ չսփռելու համար, երբ իրենք հիւանդ են. իսկ անոնք, որոնք ալերժիներ ունին, այս ձեւով փոշի չեն շնչեր[2]:
Ճաշէն ետք աշակերտները կը հաւաքեն իրենց ափսէները եւ իրենց ակռաները կը խոզանակեն երկու վայրկեանի ընթացքին: (Խոզանակելու համար անոնք խոզանակելէ պէտք չէ դադրին մինչեւ աւազի ժամացոյցին մէջի աւազը ամբողջովին վարը հաւաքուի:
Մինչ 6-րդ դասարանի աշակերտները կ'ամփոփուին չինական մելանով` չաղտոտելու համար իրենց գեղագրութեան դասի յատուկ տարազը, առաջին դասարանը կը սկսի իր մարզանքի պահը: Մինչ ուսուցչուհին վազքուղին կը պատրաստէ, աշակերտներէն մէկը իր ընկերներուն կատարել կու տայ մկանները տաքցնելու վարժանքներ: Բոլոր աշակերտները մեծ հաճոյքով կը հետեւին մարզանքներուն: Անոնք կը սորվին աթլեթիզմ, ֆութպոլ եւ պէյսպոլ: