ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակ
ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակ (ՄԱՓԳՅ) (անգլ.՝ United Nations High Commissioner for Refugees, UNHCR), ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններէն մէկը, որ կը զբաղի փախստականներու հարցերով[1]: Այն հիմնադրուած է 1951 թուականին Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած աւելի քան մէկ միլիոն մարդկանց օգնելու նպատակով:
Փախստականների գերագոյն յանձնակատարը միջազգային պաշտպանութիւն կը տրամադրէ փախստականներուն, որու հիմքին մէջ ինկած է Մարդու իրաւունքներու յարգանքը, ընդհուպ մինչեւ ապաստան գտնելու հնարաւորութիւնը ըլլայ[2]: Գերագոյն յանձնակատարն է Ֆիլիփո Կրանտին է (Իտալացի դիւանագէտ):
ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը ստեղծուած է 1950 (1951) թուականի 14 Դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովի կողմէ[1]: Գործակալութեանը յանձնարարուած էր ղեկավարել եւ համակարգել փախստականներուն պաշտպանելու եւ ամբողջ աշխարհին մէջ անոնց խնդիրներու լուծման միջազգային գործողութիւնները[1]: Գրասենեակը երկարատեւ լուծումներ կ'առաջարկէ փախստականներուն կամաւոր հայրենադարձութեան, ապաստան երկիրներուն մէջ կամ երրորդ երկիրներու մէջ վերահաստատման համար:
ՊատմութիւնԽմբագրել
ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը ստեղծուած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ, երբ պատերազմի ընթացքին բազմաթիւ եւրոպացիներ բռնի ուժով տեղահանուեցան[3]: Այն հիմնադրուած է 1951 թուականին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած աւելի քան մէկ միլիոն մարդկանց օգնելու նպատակով: Գրասենեկաը սկզբնականօրէն ունէր երեք տարուայ հովանաւորութիւն, ինչ որ աւելի ուշ երկարաձգուեցաւ իրար յոջորդող հինգ տարի ժամկէտով մինչեւ 2003 թուականը, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը որոշեց օժտել կառոյց այն հովանաւորութեամբ «մինչեւ փախստականներու խնդիրը վերջնականապէս լուծում ստանայ»[2]:
ՆպատակներԽմբագրել
- Անոր հիմնական նպատակն է պաշտպանել փախստականներու իրաւունքները եւ բարեկեցութիւնը:
- Փախստականներուն պաշտպանել եւ ամբողջ աշխարհի մէջ միջազգային գործողութիւններով լուծել անոնց խնդիրները[1]:
- Թոյլ չտալ, որ երբեւիցէ մէկուն իր կամքին հակառակ վերադարձնեն երկիր մը, ուր հիմքեր կան վախնալու, որ կրնայ ենթարկուի հալածանքի[2]:
- Օգնել այն մարդկանց, ովքեր նոյնիսկ որեւէ որկրի քաղաքացիութիւն չունեն[3]
ՓաստերԽմբագրել
Մինչեւ 2010 թուականի վերջը ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը արդէն հոգ կը տանէր շուրջ 36.5 միլիոն հոգիի, այդ թուականին՝ փախստականներու, վերադարձուած անձանց, սեփական երկրին մէջ տեղահանուածներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող մարդկանց համար[2]:
ՄԱՓԳՅ-ի գրասենեակը՝ Զուիցերիոյ Ժնեւ 2, CH-1211, փոստարկղ 2500, հեռ՝ (41-22) 739, 8111:
Սկսած 1950 թուականէն, գործակալութիւնը օգնած է տասնեակ միլիոնաւոր մարդկանց նորովի սկսիլ իրենց կեանքը[3]:
Գրասենեակի 2010 թուականի հաստատած երկամեայ ծախսի ծրագիրը կը կազմէր 3,2 միլիար տոլար[2]:
ԾանօթագրութիւններԽմբագրել
Արտաքին յղումներԽմբագրել
- ՄԱՓԳՅ-ի պաշտօնական կայք
- Ընդհանուր տեղեկութիւններ (անգլերէն)
- Կառավարում եւ կառուցուածք (անգլերէն)
- Գերագոյն յանձնակատար (անգլերէն)
- ՄԱՓԳՅ-ի պատմութիւնը (անգլերէն)