Մաղզման եկեղեցական մետաղէ հարթ կլոր ափսէ մըն է, որ սկիհին բերանը ծածկելու կը ծառայէ: Անոր վրայ, պատարագի ատեն, նուիրական նշխարը կը դրուի:

Խորհրդանշում

Խմբագրել
  • Կը խորհրդանշէ խաչը որուն վրայ խաչուեցաւ Յիսուս, մարդկութեան փրկութեան համար:
  • Կը խորհրդանշէ գերեզմանը, ուր դրուեցաւ Յիսուսի մարմինը յարութենէն առաջ:
  • Կը խորհրդանշէ նաեւ գերեզմանին առջեւ դրուած քարը, որ յարութեան օրը տապալեցաւ:
  • Անոր կլորութիւնը կը խորհրդանշէ կատարելութիւնը ու կը նմանի արեւու:

Ս. Աւետարանին մէջ չէ յիշուած թէ Յիսուս գործածեց մաղզմայ մը, այլ «առաւ հացը իր սուրբ ձեռքերուն մէջ օրհնեց, բեկանեց ու բաժնեց իր աշակերտներուն ըսելով…» (Մատթ. 26, 26):

Շինութիւն

Խմբագրել

Մաղզման կը շինուի սկիհբաժակին մետաղէն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել