Մայաներու քաղաքակրթութիւնը
Մայաներու քաղաքակրթութիւնը, ամերիկեան ցամաքամասի ամէնէն հին քաղաքակրթութիւններէն մէկն է[1]:
Մայաները հազարամեակներու ընթացքին ապրած են Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ:
Մայաներու քաղաքներէն հետքեր գտնուած են Մեքսիքայի, Սալվատորի, Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի եւ Պելիզի մէջ: Ապա մայաները խորհրդաւոր կերպով անհետացած են Ք. Ե. շուրջ 1000 թուականին:
Մօտաւորապէս ԺԷ. դարու վերջին, Մայաներու հնագոյն միջինամերիկեան քաղաքակրթութեան վերջին անկախ քաղաքը անցած է սպանացիներու ենթակայութեան։
Մայա մշակոյթի շարունակականութիւնը
ԽմբագրելՍպանական նուաճումները կ'ոչնչացնեն մայաներու քաղաքակրթութեան առանձնայատկութիւնները, սակայն բազմաթիւ մայա գիւղեր զերծ կը մնան սպանական գաղութացումէն եւ կը շարունակեն իրենց նախկին ապրելաձեւով ապրիլ։ Կարգ մը Մայա ընտանիքներ կը շարունակեն պահպանել իրենց աւանդական ամէնօրեայ կեանքը[2]։ Եգիպտացորենի եւ լուբիազգիներու սննդակարգը կը շարունակուի, թէեւ գիւղատնտեսական արտադրութիւնը կը բարելաւուի երկաթէ գործիքներու օգտագործման շնորհիւ։ Աւանդական արհեստները` ինչպիսիք էին խեցեգործութիւնը եւ պայուսակահիւսութիւնը կը շարունակուին կիրարկուիլ։ Տեղական մթերքներով առեւտուրը կը շարունակուի սպանական նուաճումէն ետք։
Լեզուն եւ դաւանանքը կը մնան անփոփոխ՝ հակառակ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միսիոնարներու կողմէ իրականացած բռնութիւններուն[3][4][5]։
Թագաւոր եւ դատարան
ԽմբագրելԹագաւորը գերագոյն կառավարողն էր բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ օժտուած էր կիսաստուծոյ կարգավիճակով, ինչ որ զինք միջնորդ կը դարձնէր մեռեալներու եւ ապրողներու թագաւորութիւններուն միջեւ։
Թագաւորութեան փոխանցումը ժառանգական էր։ Թագաւորութիւնը կը փոխանցուէր աւագ որդւոյն։ Կրտսեր արքայազնը կ'անուանէին չոկ (ch'ok)։ Երիտասարդ ազնուականներու տարբեր պահերը նշուած են ծէսով։ Ամէնէն կարեւորը եղած է արիւնահեղութիւնը՝ հինգ կամ վեց տարեկան հասակին։ Որքան որ արիւնահեղութիւնը ունէր կարեւոր նշանակութիւն, նոյնքան ժառանգորդը պէտք է ըլլար յաջողակ առաջնորդ։ Նոր թագաւորին գահ բարձրանալը շատ բարդ արարողութիւն էր, որ կը ներառէր շարք մը գործողութիւններ՝ մարդկային զոհաբերութիւններ եւ թագաւորական իշխանութեան խորհրդանիշներու ստացում[7][8]։ Շարք մը թագաւորական եւ ազնուական տիտղոսներ յայտնաբերուած են դասական մայա արձանագրութիւններուն մէջ. Աջոն (Ajaw) սովորաբար կը թարգմանուի «տէր» կամ «թագաւոր»։ Վաղ դասական ժամանակաշրջանին Աջոն քաղաքի կառավարիչն էր [9]։ Կալոմտը արքայական կոչում էր, որուն ճշգրիտ իմաստը դեռ չէ վերծանուած[10]։
Հին քաղաք մը` մեքսիքական անտառին խորերը
ԽմբագրելՀնաբաններ գտած են մայաներու հին քաղաք մը`մեքսիքական անտառին խորերը պահուըտած:
Այս պետութիւն-քաղաքը մեքսիքական խիտ անտառին խորերը պահուըտած է 1000 տարիէ ի վեր: Անոր հետքերը կը գտնուին Յունիս 2013-ի սկիզբը, շնորհիւ երկինքէն առնուած նկարներու: Քաղաքին աւերակները կը տարածուին 22 հեքթար հողաշերտի մը վրայ: Ըստ հնաբաններու հաշիւներուն, այս պետութիւն-քաղաքը բնակուած եղած է Ք. Ե. 600-900 թուականներու միջեւ: Անոնք զայն անուանած են Չաքթուն, որ մայաներու լեզուով կը նշանակէ «կարմիր քար» կամ «մեծ քար»:
Գիտնականները կ'ուսումնասիրեն այդ վայրերը եւ միշտ նոր անակնկալի մը առջեւ կը գտնուին. անոնք արդէն յայտնաբերած են 23 մեթր բարձրութիւն եւ բուրգերու ձեւ ունեցող շինութիւններ, փորագրուած կոթողներ, հարթաքանդակներ, բնակավայրեր եւ փըլօթի խաղալու դաշտեր:
Այս առաջին յայտնութիւններուն շնորհիւ հնաբանները կրնան երեւակայել այդ վայրին գեղեցկութիւնը: Այս ձեւով, անոնք գտած են բազմաթիւ նշաններ ճարտարապետական հետքերու, ինչպէս` խորաններ, կոթողներ, որոնք մարմարի տպաւորութիւնը տուող նիւթերու հետքերը կը կրեն[11]:
Կուաթեմալայի մէջ
ԽմբագրելԱմերիկացի հնագէտները Կուաթեմալայի մէջ յայտնաբերած են մայաներու քաղաքակրթութեան պատկանող 60 հազարէ աւելի մինչ այժմ անյայտ կառոյցներու հետքեր։ Գիտնականներու կարծիքով, բազմաթիւ ոռոգիչ ջրանցքներու, ճանապարհներու, ամրոցներու եւ բուրգերու առկայութիւնը կը վկայէ հինէն ուսումնասիրուած տարածքներու մէջ տասնեակ քաղաքներու գոյութիւնը։
Ոչնչացուած քաղաքակրթութեան ձեռակերտները գտնուած են Կուաթեմալայի հիւսիս-արեւելքին, ընդամէնը լազերային ռատարներու օգնութեամբ, գիտնականները ուսումնասիրած են աւելի քան 2 հազար քառակուսի քմ. տարածութիւն։
Ըստ մասնագէտներու նախնական գնահատումներուն, այս տարածքին մէջ կրնայ ապրած ըլլալ մօտաւորապէս 10 միլիոն հոգի[12]։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մայաները
- ↑ Sharer and Traxler 2006, p. 9.
- ↑ Sharer and Traxler 2006, p. 10.
- ↑ Zorich 2012, p. 29. Thompson 1932, p. 449
- ↑ Sharer and Traxler 2006, p. 11.
- ↑ Martin and Grube 2000, p. 178. Witschey and Brown 2012, p. 321.
- ↑ Martin and Grube 2000, p. 14.
- ↑ Jackson 2013, pp. 142, 144.
- ↑ D'Arcy Harrison 2003, p. 114.
- ↑ Martin and Grube 2000, p. 17.
- ↑ Մայաներու քաղաքակրթութիւնը
- ↑ Կուաթեմալայի մէջ