Մանասէ Եզեկիա թագաւորին որդին էր: Եզեկիա եղած է հզօր թագաւոր մը: Իր գահակալութեան ընթացքին բազմաթիւ քաղաքներ գրաւած է: Մահէն ետք, Եզեկիային տասներկու տարեկան որդին՝ Մանասէն, կը յաջորդէ իրեն:

Մանասէ Թագաւոր
եբր.՝ מְנַשֶּׁה
Ծնած է ՔԱ709[1]
Ծննդավայր Երուսաղէմ, Յուդայի թագաւորութիւն
Մահացած է ՔԱ642[1]
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Յուդայի թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն Յուդայի թագաւորութիւն
Ազգութիւն հրեայ
Կրօնք Եհովայի վկաներ[2] եւ Baalism?
Մասնագիտութիւն կառավարիչ, միապետ
Վարած պաշտօններ Հուդայի թագավոր?
Ամուսին Meshullemeth?
Ծնողներ հայր՝ Եզեկիա[3], մայր՝ Hephzibah?
Երեխաներ Amon of Judah?[4]

Մօրը անունը Էփսիփա էր:

Մանասէ, հօրը նման հզօր, բայց անխիղճ թագաւոր մըն էր: Ան կը նկատուի ամէնէն երկար գահակալող թագաւորներէն մէկը (55 տարի):

Մանասէի հակաբարեկարգչական շարժումը կը քաջալերուէր նաեւ ժողովուրդին կողմէ, նոյնիսկ ան ժողովուրդը կը մղէր աւելորդապաշտութեան ու սնոտիապաշտութեան: Կային նաեւ քանանեան հին պաշտամունքներ, որոնք ջնջուած էին իր հօր կողմէ, ինք կ'արտօնէ զանոնք: Մանասէ այնպիսի պաշտամունքային օրինակներ կ'աւելցնէ, որ ինք հետեւելով այդ պաշտամունքներուն, ժողովուրդն ալ իրեն կը հետեւի:

Մանասէ զեխ ու շուայտ անձնաւորութիւն մը կ'ըլլայ, որ պղծելով Եհովային տաճարը, կուռքերու այլազան առարկաներ կը մուծէ եւ կը բարձրացնէ Եհովային խորանը: Այս բոլորէն անկախ կային անձեր, որոնք աստուածապաշտ էին եւ կը հալածուէին:

Մանասէ Թագաւոր, իր գահակալութեան ընթացքին քարասիրտ թագաւոր մը կ'ըլլայ, որուն յանցանքները եւ մեղքերը այնքան կը շատնան, որ կարծես Աստուծոյ կողմէ կը պատժուի եւ գերի կը տարուի Ասորեստան: Երբ Մանասէ կը ձերբակալուի ու կը տարուի Ասորեստան, կը զղջայ, որուն համար ներում կը շնորհուի իրեն: Կը վերադառնայ իր երկիրը ու գահ կը բարձրանայ եւ կռապաշտութենէ, աւելորդապաշսութենէ կը դառնայ աստուածապաշտութեան:

Ան նոյնիսկ կը գրէ աղօթք մը, որ Ք.Ե. քանի մը դար ետք մուտք կը գործէ եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւններէն՝ Արեւագալի ժամերգութեան մէջ:

Մանասէ թագաւոր, իր աղօթքով, կ'ուզէ մարդկութեան հասցնել, տեղեկացնել կամ սորվեցնել, թէ համայն աշխարհի վրայ չկայ ոչ մէկ ուժ, որ կը հասնի կամ կրնայ պայքարիլ Աստուծոյ դէմ, որ ամենակարող է ամէնագէտ է: Ան իր աղօթքով, կ'ուզէ ըսել. «Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, ինչ նեղութիւն որ ունենաք, դիմեցէ՛ք Անոր եւ մի՛ գերադասէ՛ք ձեր «Ես»ը, որ ձեզ կ'առաջնորդէ ամէնէն վտանգաւոր կացութեան»: Մանասէ շատ կը խօսի Աստուծոյ մասին ըսելով, թէ ան գթարատ է, ներողամիտ, ամէն գործի մէջ բարի՝ ու սիրող:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Աստուածաշունչ (Դ. Թագաւորաց)
  • Քննական Պատմութիւն Սուրբ գրական Ժամանակներու, «Բիւզանդ Եղիայեան», Ա.Բ.Գ. հատորներ, 1972-1974
  • Արեւագալի Ժամագիրք, Անթիլիաս, 2004