Մանիփուր
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Մանիփուր, նահանգ (1972 թուականէն) Հնդկաստանի հիւսիս-արևելքի մէջ, Պիրմայի սահմանի մօտ։
Տարածութիւնը 22,4 հազար քմ² է, բնակչութիւնը՝ 1,1 միլիոն (1971)։ Վարչական կեդրոնը՝ Իմփհալ։ Ռելիեֆի մէջ կը տիրապետեն միջօրեականի ուղղութեամբ երկարող լեռնաշղթաներու եւ միջլեռնային լայն հովիտներու հերթագայութիւնը։ Կլիման չափավոր տաք է։ Տարեկան տեղումները 1500-2500 մմ են։ Լեռներու հողմակողմ լանջերուն կը գերակշռեն խոնաւ արեւադարձային անտառները, հողմահակառակ լանջերուն՝ տերեւաթափ, աւելի վեր՝ լայնատերեւ եւ սոճիի անտառներն ու մարգագետինները։ Մանիփուրը հետամնաց գիւղատնտեսական շրջան է։ Կը Մշակուին բրինձ, Իււղատուներ, ծխախոտ, բամբակենի, պատիճաւոր բոյսեր։ Նաեւ կը սբաղուին այգեգործութեամբ եւ շերամապահութեամբ։ Զարգացած է ջուլհակութիւնը։