Մանկական փոխադրակառքեր

Մանկական փոխադրակառքերը, Ճափոնի մէջ փոքրիկներուն նախասիրած կերպարներուն պատկերներով կերպարանափոխուած իւրայատուկ փոխադրակառքեր են[1]:

Ճափոն իւրայատուկ լուծում մը գտած է, որպէսզի փոքրիկները ուրախութեամբ ուզեն դպրոցական փոխադրակառք բարձրանալ:

Այս փոխադրակառքերը զարդարուած են անոնց նախասիրած կերպարներուն պատկերներով:

Անոնք կերպարանափոխուած են ստանալու համար մեծ կատուի մը կամ շան մը կերպարանքը, ինչպէս` Փիքաչու, Սնուփի, կամ Հելլօ Քիթի:

Այս փոխադրակառքերուն կահաւորումը շատ յաջող է, եւ անոնց մեծ մասը ցցուն բաժիններով օժտուած է:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել