Մանուկներու Փորհարութիւնը

Նորածիններու եւ մանուկներու փորհարութիւնները նոյնքան կեանքեր կը խլեն մարդկութենէն, որքան ուրիշ ոեւէ վտանգաւոր հիւանդութիւն: Մասնաւորաբար արեւելեան երկիրներու մէջ, ուր տաք կլիման եւ առողջապահական պայմաններու բացակայութիւնը ծնունդ կու տան ճանճերու եւ զանազան մակաբոյծներու, մանուկներու փորհարութիւնը մեծ աւերներ կը գործէ:

Այս մակաբոյծները իրենց սնունդը քաղաքներու եւ գիւղերու աղբակոյտերէն քաղելով, երթան սողոսկիլ տուներէ ներս եւ հիւանդութիւններու մանրէներով կը վարակեն ուտելիքներն ու խմելիքները: Իսկ այս պարագային առաւելապէս մանուկները կ'ազդուին այդ մանրէներէն:

Փոքրիկներու մօտ գոյութիւն ունին երկու ձեւի փորհարութիւններ. առաջինը՝ ունի մանրէաբանական բնոյթ, իսկ երկրորդը այն, որ կ'առաջանայ սննդական պատճառներէ:

Միքրոպային փորհարութիւնը կրնայ սննդականէն աւելի լուրջ բարդուդիւններու դուռ բանալ: Այս պարագային փոքրիկին տաքութիւնը 38 աստիճանի մօտ կը տարուբերի, փորը օրուան մէջ բազմաթիւ անգամներ դուրս կ'ելլէ եւ կղկղանքին գոյնը փոխան դեղնորակի, կ'առնէ կանաչ գոյն մը:

Այս ախտանշանները երբ տեսնուին, պէտք է անմիջապէս փոքրիկը զրկել ամէն տեսակ ուտելիքէ եւ գոհանալ անոր տալով միայն պարզ ջուր՝ քիչ մը շաքարով: Բժիշկին խորհուրդով հիւանդին կը տրուին (Sulfamid)ներ, որոնք կը դարմանէն աղիքներու բորբոքումը: Այս զգուշական միջոցներուն հետեւանքով երբ փոքրիկը բարելաւման ստոյգ նշաններ ցոյց տայ, անոր կարելի կ'ըլլայ կերցնել ստեպղինէ պատրաստուած ապուր:

Երբ ծանր վարակման եւ կամ անհոգութեան հետեւանքով հիւանդին վիճակը ծանրանայ եւ տաքութիւնը հասնի 40-41 աստիճաններու, փոքրիկը զգալիօրէն նիհարնայ, դիմագիծը այլափոխուի եւ աչքերը փոսը իյնան, այդ պարագային պէտք է մեծ քանակութեամբ հեղուկ տալ հիւանդին: Եթէ պատահի որ հիւանդը փսխէ եւ չընդունի տրուած հեղուհը, անհրաժեշտ կը դառնայ անոր մորթին տակէն եւ կամ երակին մէփ սերոմ ներարկել: Աւելի վճռական դարմանումները եւ դեղերը բժիշկը կը յանձնարարէ:

Երկրորդ տեսակի փորհարութիւնը, որ ընդհանրապէս առաջ կուգայ անկանոն սննդառաութենէ եւ կամ մօրը կաթին ծանրութենէն, աւելի շուտ կը դարմանուի: Այս պարագային փոքրիկին տաքութիւնը ընդհանրապէս շատ չի բարձրանար, տկարութիւնը դանդաղ առաջացում մը կ'արյանագրէ եւ հիւանդին ախորժակը կը գոցուի: Թեթեւ այս ախտանշանները եթէ շուտով չանհետացուին, կրնան աւելի ծանր բարդութիւններու դուռ բանալ:

Երբ մօրը կաթը ծանր կուցայ փոքրիկին, կարելի է կաթէն առաջ անոր տալ մէկ-երկու սուրճի դգալ (carbonate de chaux) կոչուած դեղէն: Այս փորձէն վերջ, փոքրիկը կրնայ վարժուիլ մօրը կաթին:

իսկ այն պարագային երբ փոքրիկիկին փորհարութիւնը առաջացած է կովի կաթէն, նախընտրելի կ'ըլլայ փոխել կաթին տեսակը եւ դիմել տուփի կաթերուն: Ներկայիս կաթի ճարտարարուեստը այնքան յառաջդիմած է, որ հնարաւոր է գտնել անոնց մէջ այնպիսի տեսակներ, որոնց բաղադրութիւնը կը մօտենայ մարդկային կաթին:

Առաջին ակռաները հանած ատեն, 6-7 ամսու երեխան կ'ունենայ երբեմն փորհարութիւնիւն եւ տաքութիւն: Փորհարութիւնը եւ տաքութիւնը միքրոպային բնոյթ ունին: Այսպէս երբ փոքրիկին լինտերը ուռեցած են եւ ակռաները դուրս պիտի գան, ան հակամէտ կը դառնայ ձեռքը անցած առարկան տանելու բերանը: Բնական է որ այս կերպով անհամար թիւով մանրէներ պիտի մտնեն փոքրիկին բերնէն ներս եւ աղիքներու բորբոքումներ առաջացնեն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Տոքթ. Վ. Սահակեան, «Բժիշկ» բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, Պէյրութ 1955-1956, էջ 5-6: