Մասնակից:Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան/Սեւագրութիւն 02
Էջմիածնի Աւետարան
Խմբագրել«Էջմիածնի Աւետարան», «Փղոսկրիա Աւետարան», հայ գրչութեան եւ մանրանկարչութեան ձեռագիր մատեան: Ընդօրինակուած է Յովհաննէս Գրիչի
ձեռքով՝ 989 թուականին, Պղենո-Նորավանքի Սբ. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ, Սիւնիք: Պատուիրատու՝ Ստեփանոս քահանայ: Բնագիրը կը պարունակէ 35*28 սմ չափի 233 մագաղաթէ թերթ (Մատենադարան, ձեռ. Դ 2374): Բաղկացած է գեղեցիկ երկաթագրով գրուած չորս Աւետարաններէ: Մատթէոսի Աւետարանին նախընթաց կը գտնենք քառաթերթ պրակ՝ ամբողջ էջերը մանրանկարներով զարդարուած: 1ա-5ա էջերը Եւսեբիոս Կեսարացիի թուղթն է եւ համաբարբառները՝ ճոխ խորաններու մէջ առնուած: 5բ էջը պատկերուած է տաղաւար մը (pavilion), որուն կը յաջորդէ թեմայական մանրանկարներ՝ գահին բազմած Յիսուսը (6ա), զոյգ զոյգ կանգնած չորս աւետարանիչները (6բ,7ա), Աստուածածինը՝ Մանուկը գիրկը (7բ) եւ Աբրահամի զոհաբերութիւնը (8ա): Ձեռագիրի վերջաւորութեան ներմուծուած է 6-7րդ դդ. Երկու թերթ՝ 228, 229, որոնց վրայ պատկերուած են «Զաքարիայի աւետումը», «Մարիամի աւետումը», «Մոգերու երկրպագութիւնը» եւ «Մկրտութիւն» մանրանկարները: «Էջմիածնի Աւետարան»-ի լուսանցքներուն նոյնպէս կան պատկերներ:
Ձեռագիր կազմի տեսքը
ԽմբագրելՁեռագրի կազմը բաղկացած է 36,5*30,5 սմ մեծութեամբ փղոսկրէ (ivory) երկու կողքերէ, որոնք 7-րդ դ. աշխատանք կը համարուին: Իւրաքանչիւր կողք բաղկացած է հինգ սալիկներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ պատկերուած է առանձին տեսարան: Այդ կազմը վաղ քրիստոնէական հայկական արուեստի նշանաւոր յուշարձաններէն է: Բացառիկ արժէք ունին 6-7րդ դդ. մանրանկարները: Չորս տեսարաններն ալ իրենց խորհրդանշական բնոյթով կը վերաբերին յայտնութեան թեմային: Համաչափ եւ թեթեւ, մութ ու խաղաղ կանաչ, կապոյտ եւ ոսկի գոյներու երանգներու գործածութեամբ ստեղծած է տպաւորիչ գունագեղութիւն մը:
Արտայայտիչ են դեմքերը՝ օժտուած ազգին քնատիպութեամբ: Կատարողական որոշ առանձնայատկութիւններով ու երանգաւորութեամբ այդ աշխատանքները կը մօտենան նոյն շրջանի հայ որմնանկարներու օրինակներուն: Սկզբնաթերթերու մանրանկարները ոճական առանձնայատկութիւններով ու պատկերագրութեամբ 9-10-րդ դդ. գեղանկարչութեան աւանդոյթներու արտայայտութիւնն են: Գեղեցիկ են խորանները: Հիմնականին մէջ օգտակործուած են պայտաձեւ զոյգ կամարներ, որոնց յօրինուածքը երփներանգ զարդանմոյշներու եւ լրացուցիչ մանրամասնութիւններու կիրառումով համանման է մատեանի ընդհանուր բնոյթին: Բացառիկ է «Էջմիածնի Աւետարան»-ի մանրանկարներու դերը հայ գեղանկարչութեան հետագայ զարգացման գործին:
«Էջմիածնի Աւետարան»-ի ուսումնասիրութեամբ զբաղեր են՝ Ա. Ուվարովը, Վ. Ստասովը, Ն. Կոնդակովը, Յո. Ստրժիգովսկին, Գ. Վայցմանը, Ֆ. Մակլերը, Ս. Տէր-Ներսեսեանը եւ ուրիշներ: