Եվսեբիոս Կեսարացի

Եվսեբիոս Կեսարացի կամ երբեմն ալ Եւսեբիոս Փամփիլիոս Կեսարացի կամ Եւսեբի Պամփիլեաց [5] (Eusebius Pamphili Greek: Εὐσέβιος τοῦ Παμϕίλου) ) (265[1][2][2][…], Կեսարիա, Հռոմէական Կայսրութիւն - 340[3], Կեսարիա, Հռոմէական Կայսրութիւն), 3-4-րդ դարերու յոյն եկեղեցական գործիչ եւ պատմիչ, «եկեղեցական պատմութեան» հայր, աստուածաբան։ Պաղեստինեան Կեսարիայի եպիսկոպոս (313/314 թ–էն)։

Եվսեբիոս Կեսարացի
Ծնած է 265[1][2][2][…]
Ծննդավայր Կեսարիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Մահացած է 340[3]
Մահուան վայր Կեսարիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Կրօնք Ուղղափառութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Church History?, Onomasticon (Eusebius)?, Life of Pamphilus?, Collection of ancient martyrs?, Chronicon? եւ Praeparatio evangelica?
Մասնագիտութիւն աստուածաբան, քահանայ, գրագէտ, պատմաբան
Վարած պաշտօններ եպիսկոպոս[4]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

309 թ-ին քրիստոնեաներու դէմ հռոմէական կայսր Տիոկղետիանոսի ((լատ.՝ Gaius Aurelius Valerius (Diocletianus) անգլ.՝ Diocletian (/ˌdaɪ.əˈkliːʃən/) հալածանքներու ժամանակ ձերբակալուեր է։ Բանտէն ազատուելէն յետոյ գլխաւորած է պաղեստինեան Կեսարիայի քրիստոնէական վարժարանը։ Մասնակցեր է 325Նիկիայի Ա տիեզերական ժողովին, իր ստորագրութիւնը դրած` նիկիական Հաւատոյ Հանգանակի տակ, սակայն յետագային հանդէս եկած է որպէս Արիոսի ուսմունքի չափաւոր հետեւորդ եւ հականիկիական ընդդիմութեան երեւելի ներկայացուցիչ։ Եղած է իր ժամանակի կրթուած եւ հեղինակաւոր աստուածաբաններէն, բեղմնաւոր հեղինակ, որ ձգած է հարուստ գրական ժառանգութիւն։

Աշխատութիւնները

Խմբագրել

Իր երկերը գրած է յունարէն, սակայն ատոնց մեծ մասը այլ լեզուներով մեզի հասած է միջնադարուն , անոնց կարգին նաեւ գրաբար կատարուած թարգմանութիւններու միջոցով։

  • «Եկեղեցական պատմութիւն», կը ներկայացնէ քրիստոնէութեան ծագումէն մինչեւ 324 թ. ժամանակաշրջանի անցքերը։ Ասիկա գրելով, Եվսեբիոսը օգտուած է ո՛չ միայն իր ժամանակի բոլոր հիմնական գրադարաններէն, այլ նաեւ պետական արխիւներէն։ Ըստ ուսումնասիրողներու, Եվսեբիոսը այս երկասիրութեամբ քրիստոնէութեան եկեղեցական պատմութեան համար նոյնն է, ինչ որ Հերոտոթոսը (անգլ.՝ Herodotus (/hɪˈrɒdətəs/);(Hēródotos, Attic Greek pronunciation: [hɛː.ró.do.tos]) ընդհանուր պատմութեան համար։ Ռանքէն (Leopold von Ranke) Եվսեբիոսի պատմութիւնը կը համարէ օրինակելի գործ մեր ժամանակի համար նաեւ, յատկապէս գովելով զայն փրակմաթիզմի համար (հին յուն․՝ πράγμα՝ փրակմա – գործ, գործողութիւն), որու միջոցով հեղինակը կապ կը ստեղծէ անցեալի եւ ներկայի միջեւ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ «Եկեղեցական պատմութիւնը» V դ. (հաւանաբար՝ 416–420-ին) Մեսրոպ Մաշտոցի կարգադրութեամբ հայերէն թարգմաներ են իր աշակերտները։
  • «Քրոնիկոն» (Պատմութիւն աշխարհի արարչութենէն մինչեւ Կոստանդիանոս Մեծ կայսրի գահակալութեան 20-րդ տարի)։ Երկի յունարեն բնագիրը կորսուած է։ երկար ժամանակ յայտնի էր Հիէրոնիմոսի կողմէ 5-րդ դարուն (Սոֆրոնիոս Եվսեբիոս Հիէրոնիմոս (լատ.՝ Sophronius Eusebius Hieronymus), ատոր մէկ մասը լատիներէն թարգմանութեամբ, սակայն 1792 թ. յայտնաբերուած է ատոր ամբողջական հայերէն (գրաբար) թարգմանութիւնը, որ հրատարակուեր է 1818 թ. եւ աւելի փութաջան կերպով՝ 1833 թ.
  • «Կոստանդիանոսի կեանքը», «Պաղեստինի մարտիրոսներու մասին», «Ներբող Կոստանդիանոս կայսրին»; «Փամփիլիոսի կեանքը» T(he Life of Pamphilus) .
  • «Ներածութիւն Նոր Կտակարանի» (յունարեն՝ προπαρασκευή εύαγγελική).
  • Ջատագովական երկեր՝ «Ապացոյց յօգուտ Նոր Կտակարանի» (Demonstratio evangelica), «Հիէրոկլեսի դէմ», «Քաղուածքներ մարգարէներու գիրքերէ Քրիստոսի մասին», «Աստուածայայտնութիւն».
  • Բանավիճական երկեր՝ «Մարկելոսի դէմ երկու գիրք», «Եկեղեցական աստուածաբանութեան մասին երեք գիրք».
  • Մեկնողական երկեր՝ «Աւետարաններու համաձայնեցման ուղեցոյց», «Պատասխան Ստեփանին եւ Մարինին Աւետարանի մասին»; Ղուկասի աւետարանի, Երգ Երգոցի, Եսայի մարգարէութեան մեկնութիւն

Կեսարացիի «Ժամանակագրութիւն» եւ «Եկեղեցական պատմութիւն» երկերը միջնադարուն թարգմանուած էին հայերէն ու լայնօրէն օգտագործուեր՝ հայ պատմիչներու կողմէ։ Մասնաւորապէս ատոնցմէ օգտուած է Մովսէս Խորենացին իր «Հայոց պատմութիւն»ը գրած ժամանակ։

Կեսարացու երկերու հայերէն հրատարակութիւնները

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 http://lexikon.katolikus.hu/C/Caesareai%20Eusz%C3%A9biosz.html
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 Biblioteca Virtual Miguel de Cervantes — 1999.
  3. 3,0 3,1 3,2 Большая российская энциклопедия. Электронная версияБольшая российская энциклопедия, 2016.
  4. BeWeB
  5. «Եւսեբի Պամփիլեաց Կեսարացիոց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-17 

Կաղապար:Հայրաբանութիւն