Մասնակից:Քարինպալտէմիր/Սեւագրութիւն

Հիփփօ, մանկական գիրքերու հրատարակչատուն:

Հիմնադրութիւն Խմբագրել

«Հիփփօ»ն հիմնուած է 2020-ın Պոլսոյ մէջ:

«Հիփփօ» հրատարակչութիւնը կը հրատարակէ մանկական գրականութեան գիրքեր, որոնք հայերէնի կը թարգմանուին օտար լեզուներէն:

«Հիփփօ»ն կը հրատարակէ այնպիսի գիրքեր, որոնք նիւթ կ'առնեն հանրային խնդիրները, մանկական գործաւորութիւնը, աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը, ընտանիքներու կողմէ լքուած մանուկները, գոյաբանական հարցումներուն պատասխաններ որոնող հետաքրքրասէր մանուկները, բարեկամութիւնը, հասուննալու նման մանկական մտահոգութիւնները: Հարուստ նկարներով զարդարուած մանկական գիրքերը կը պատրաստուին 3-8 եւ 8-12 տարիքներու միջեւ եղող մանուկներուն համար: