Մասնակցի քննարկում:Լեռնիկական/Սեւագրութիւն

Տատեան Վարժարան, Տատեան բարեհամբաւ գերդաստանը միաժամանակ օգտաշատ ծառայութիւններով Պալատի շրջանակներէն ներս վայելած է սէր եւ գուրգուրանք: Մանաւանդ Յովհաննէս Պէյ Տատեան իբր արքունի վառօդապետ, Տոլմապահչէի հրացանի (թիւֆէքհանէ) եւ Նիկոմիդիոյ չուխայի գործարաններուն ալ վերատեսուչ, Սուլթան Մահմուտի եւ Սուլթան Մէճիտի բարձր գնահատանքին կ'արժանանայ իր հօրեղբօր որդւոյն Պօղոս Պէյ Տատեանի հետ, որոնք իրենց մարդասիրական բարեգործութիւնները կը տարածեն Յունաց եւ Հրէից հիւանդանոցներուն վրայ ալ, որոնց հաւասարապէս Պետական գանձէն հաց եւ միս կը մատակարարուի: Յովհաննէս Պէյ Տատեան կառուցած է թաղին Ծնունդ Ս. Աստուածածին հոյակապ եկեղեցին եւ անոր կից, նախկին Արծրունեան Վարժարանը, զոր կոչած էր իր պատուական նախահայրերուն մականունով: Յովհաննէս Պէյ Տատեան բեղուն եւ բարի կեանք մը բոլորելէ եւ անմոռանալի ծառայութիւններ բերելէ վերջ, իր հոգին կ'աւանդէ 19 Ապրիլ 1869-ին, 71 տարեկանին, խոր սուգի մատնելով ամբողջ Պաքըրգիւղի ժողովուրդը եւ զինքը մօտէն ճանչցողները: Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի փառաշուք յուղարկաւորութիւն մը, որուն կը մասնակցին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց կարգին Ֆուատ եւ Ալի փաշաներ, որոնք յանուն Սուլթան Ազիզի իբր սգակիր հետեւած են դագաղին: Բիւրաւոր թուրք, յոյն, հրեայ եւ օտարազգի յուղարկաւորներ միացած են հայ եկեղեցականներու ու աշխարհականներու աննախընթաց բազմութեան: Յովհաննէս Պէյ Տատեանի մարմինը կ'ամփոփուի իր շատ սիրելի եկեղեցւոյ շրջափակը, ընտանեկան յատուկ դամբարանին մէջ, որուն վրայ բարձրացած է մարմարեայ գեղեցիկ տապանաքար մը: Անխափան, ամէն տաղաւարի յաջորդող Մեռելոցի Պատարագէն վերջ Դպրաց Դասը թափօրով կու գայ մեծանուն բարերարին շիրմին առջեւ հանդիսաւոր Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու Տատեան գերդաստանի բոլոր ննջեցեալներու հոգւոյն:

Աղբիւրը՝ «Դպրաց Դաս Քառասուն Մանկանց Երգչախումբ Ծննդ. Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Պաքըրգիւղի», Իսթանպուլ, 1990

Return to the user page of "Լեռնիկական/Սեւագրութիւն".