Մասնակցի քննարկում:Քարինպալտէմիր/Սեւագրութիւն

Լեւոն Բաշալեան, (1868-1943), հայ անուանի գրող, յօդուածագիր

Կենսագրութիւն Ծնած է 1868ին Սկիւտար (Պոլիս) ու յաճախած Պէրպէրեան վարժարան: Աշակերտած է Ռեթէոս Պէրպէրեանի, որուն գրաբարախառն լեզուին ազդեցութիւնը կը տեսնենք Բաշալեանի առաջին գրուածքներուն մէջ։ Սակայն Ա ․ Արփիարեանի ազդեցութեան տակ կը դառնայ ջերմ պաշտպան աշ խարհաբարի, երբ կը սկսի աշխատակցիլ «Մասիս»ի եւ «Արեւելք»ի ։ 15 տարեկան հազիւ կար, երբ կը հեռանայ Պէրպէրեան վարժարանէն եւ կը նուիրուի լրագրութեան։ Թարգմանական փորձերով մուտք կը կատարէ հայ գրականութեան մէջ եւ շուտով կը դառնայ իրապաշտներու խմբակին գլխաւոր դէմքերէն մէկը, գործակից Ա ․ Արփիարեանի եւ Գ․ Զօհրապի։ 1890-ին կ'անցնի Փարիզ, խուսափելու համար թուրք կառավարութեան հալածանքներէն, իսկ 1896-ի Համիտեան ջարդերու տարին կ'ապաստանի Լոնտոն, Արփիարեանի հետ։ Անոնք Լոնտոնի մէջ միասին կը հրատարակեն «Նոր Կեանք» կիսամսեայ թերթը, իբրեւ օրկան Վերակազմեալ Հնչակեաններու։ Այս թերթին մէջ Բաշալեան ունի կարգ մը արժէքաւոր յօդուածներ եւ պատամուածքներ՝ Լ․ Զարթումեան ծածկանունով։ 1901-ին Բաշալեան կը մեկնի Պաքու, նութային ընկերութեան մը պաշտօնեան կը դառնայ: Շատ չանցած քարիւղի հորեր փորող ֆրանսական այդ ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնին կը բարձրանայ եւ ձեռք կը բերէ բաւականին փայլուն նիւթական յաջողութիւն։ 1920ին, ոուսական յեղափոխութեան օրերուն, կ'ապաստանի Ֆրանսա եւ հոն ատեն մը կը նուիրուի ազգային գործերու, իբրեւ անդամ Ազգային Պատուիրականութեան, Հայ Գաղթականաց Կեդրոնական Յանձնաժողովին եւ Բարեգործական Միութեան: 1928-1934 կը վարէ «Le Foyer» ամսագիրը, որ կը հրատարակուէր Ֆրանսերէն ու հայերէն, իբրեւ պաշտօնաթերթ ֆրանսահայ գաղութին: 1934-ին Փարիզի մէջ կը տօնուի գրական գործունէութեան յիսնամեակը: Կը մեռնի 1943-ին, Համաշխարհային Երկրորդ մեծ պատերազմի օրերուն, Ֆրանսայի մէջ:

Գործերը Լ․ Բաշալեան իր գլխաւոր պատմուածքները գրած է մինչեւ 1900-ական թուականները։ Այնուհետեւ երբ մեկնեցաւ Պաքու եւ դարձաւ նաւթային ընկերութեան պաշտօնեայ, տասը տարի գրեթէ նոր բան չգրեց։ Իսկ անկէ ետքն ալ, երբ Ֆրանսա հաստատուեցաւ, իր գրական վաստակին վրայ մեծ բան մը չաւելցուց, բացի յուշագրութենէ մը եւ մէկ–երկու պատմուածքէ։

Պատմուածքներ եւ նորավէպեր «ՀՄԱՅԱԹԱՓԸ» (1888) — Կու տայ պատկերը խեղճուկ հայ վարժապետի մը, իր արտաքին եւ հոգեկան ապրումներով: Հոն կը գտնենք նաե վարժապետի չփոխադարձուած սիրոյ պատմութիւնը։ «ԴՐԱՅՈՒՀԻՆ» (1888) — Տխուր սիրոյ մը պատմութիւնը։ Սիրուհիին մահը կը խորտակէ տղուն սիրտն ու կեանքը։ «ԱՅՍ Է ԵՂԵՐ» (1890) — Դարձեալ սիրոյ պատմութիւն մը, ուր սիրոյ վաղանցուկ հանոյքին մէջ հրիտասարդը խորտակուած կը տեսնէ իր երազները։

«ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՄԲՈՅՐԸ» (1890) — Առաջին սիրոյ անմոռաց յիշատակն է որ կ'արծարծուի այս պատմուածքին մէջ։ Ամուսնացած կին մը իր հոգին կ'աւանդէ վերջին համբոյրը տալով բժիշկ երիտասարդին, զոր սիրած էր առաջին անգամ:

«ՆՈՐ ԶԳԵՍՏԸ» (1890) — Շատ յուզիչ պատկեր մը՝ աղքատ դասա կարգի կեանքէն առնուած։ Կը ներկայացուի փոքրիկ տղայ մը, որ հազար դժուարութիւններով հօրը գնած նոր զգեստը առանց հագուելու կը մահանայ:

«ՁՐԻՆ», «ՏԷՐՏԷՐԻՆ ՈՒԽՏԸ, ԱՂԱՒՆԻՆԵՐԸ», «ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ (1894)։ «ՑԵՂԻՆ ՁԱՅՆԸ» (1898), եւայլն:

Return to the user page of "Քարինպալտէմիր/Սեւագրութիւն".