Մատթէոս Գալպեան

Մատթէոս Գալպեան

Մատթէոս Գալպեան
Ծնած է 1904
Ծննդավայր Տիգրանակերտ

Կենսագրութիուն

Խմբագրել

Մատթէոս Գալպեան ծնած է Տիգրանակերտ, 1904-ին։ Պէյրութ եկած 1913-ին՝ որպէս ուսանող Ամերիկեան Համալսարանի։ Երկու տարի հետեւած՝ սոյն համալսարանի Դեղագործական ճիւղին, ապա կ'ընտրէ Ատամնաբուժութիւնը, որմէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1925-ին։ Առանց իսկ դարմանատուն բանալու, նախասիրութիւնն ունենալով առեւտուրի, կը զբաղի գորգի վաճառականութեամբ, գործ մը զոր մինչեւ այժմ կը շարունակէ։

Կը բերէ իր մասնակցութիւնը ազգային գործերու։

1943-45 պէյրութահայ, համակուսակցական համերաշխական ատենապետ՝ Տնտեսական խորհուրդի եւ վարչական Հ.Բ.Ը.Մ.ի Տեղական մասնաժողովին։

Այս համերաշխական մթնոլորտին մէջ իր եւ իր ընկերներուն գործունէութիւնը կու տայ լաւագոյն արդիւնքը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։