Մատթէոս Քհնյ. Տէր Գէորգեան

Տէր Մատթէոս Քհնյ. Տէր Գէորգեան (1835-1897) Աւագանի անունուվ Գէորգ, որդի Տէր Գէորգ քահանային, բնիկ սասունցի, ծնած է Հալէպ 1835-ին։

Տէր Մատթէոս Քհնյ. Տէր Գէորգեան
Ծնած է 1835
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 26 Սեպտեմրեր 1897
Քաղաքացիութիւն Սուրիացի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Գրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Ուսուցիչ
Աշխատավայր Քահանայ
Երեխաներ Ծատուր, Լեւոն, Արմէն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնր կր ստանայ տեղւոյն ազգ. վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, կ'ընտրէ ազատ ասպարէզ եւ կր հետեւի ոսկերչութեան։ Ժամանակի ընթացքին կր դառնայ փայլուն արհեստաւոր։

Արտաքնապէս վայեւուչ, ուժեղ ու բարձրահասակ այս երիտասարդը ծնողքին հետ կր յաճախէ եկեղեցի ևւ կ'ըլլայ դպիր։ Ւր հօրմէն ստացած կրօնական դաստիարակութեան հետ՝ հոգին ու նկարագիրը կր կազմաւորուին խունկուվ ու աղօթքով։

Տարիներու աշխատանքով նիւթական վիճակր բարելաւելէ եսք կր պատրաստուի ընտանիք կազմելու։ Կր պսակուի սասունցի Տէր ՅովՀաննէս քահանայի աղջկան հետ, Ս. Քաոասնիպ Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Հետաքային կ՚ունենայ վեց զաւակներ՝ Ծատուր, Լեւոն, Արմէն...։

Եկեղեցւոյ Տարիներ

Խմբագրել

Երր Բերիոյ Հայոց Թեմի Աոաջնորդ Տ. Մկրտիչ Արք. Քէֆսիղեան Գէորգին մէջ կր տեսնէ եկեղեցական արժանիքներ, նոյնր կր վկայեն նաեւ հայրենակիցները, իր մօտ կանչել կու տայ ու կր համոզէ որ եկեղեցական ձեոնադրուի ու իր հօր արժանաւոր յաջորդը ըլլայ։

Երբ ան կ'ընդունի Աոաջնորդին աոաջարկը, անմիջապէս կ'որոշուի ձեոնադրութեան թուականը։

Գէորգի քահանայական ձեոնադրութիւնր տեղի կ՚ունենայ ձեոամր Տ. Մկրտիչ Արք. Քէֆսիպեանի, Ս. Քաոասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուար 1871-ին Վերակոչուելով Տէր Մատթէոս, օծակից ունենաւով Տ. Մարկոս քհնյ. Տէր Գասպարեանը։

Քահանյական տարիներ

Խմբագրել

Քահանայական պատրաստութեան Քառասնօրեայ շրջանր բոլորելէ ետք Աոաջնորդին ու կրօնական Ժողովին տնօրինութեամբ, հոգեւոր հովիւ կր նշանակուի համանուն եկեղեցւոյ ու անոր առաւելաբար սասունցի ծխական ժողովուրդին։

Իր հօր պէս, ան կ'ըլլայ զոհաբերուող ու անսակարկ ծառայող՝ եկեղեցիին ու ժողովուրդին։

Լաւ ընդունելութիւն կր գտնէ սասունցի հայրենակիցներէն։ Հոգիով ու սրտով կր փարի իր պաշտօնին։ Տարիներու քահանայագործութեան ընթացքին կր ցուցաբերէ յարաբերական կեանքի փորձառութիւն ու ժողովական կեանքի ընղունակութիւն։ Այդ է պատճառը որ շուտով զինք կր գտնենք ժողովներուն մէջ ու իր արժանիքներուն շնորհիւ՝ կր բարձրանայ պատուաբեր պաշտօններու, անդամ ըլլալով կրօնական ու Գաւառական ժողովներուն ու աւելի ուշ՝ կր հասնի նաեւ մինչեւ առաջնորդական փոխանորդութիւն։

Հայրենակիցներ

Խմբագրել

Իր ծխական ընտանիքներուն թիւր գոհացուցիչ ըլլալով, կ՚ապրի ընտանիքով բարեկեցիկ կեանք մր։ Իբրեւ քահանայ, ան իր հօտին հետ զօրաւոր կապեր կր հաստատէ յաճախակի այցելութիւններով։ Ինքգինք շատ մօտ կր գգայ հայրենակիցներուն։ Իր պարզ ու սրտրաց բնաւորութեամր շուտով կր զարգացնէ հովիւ-հօտ յարաբերութիւնները ու կր շահի բոլորին վստահութիւնր։ Մօտէն կր հետաքրքրուի կարօտեալներով ու օգտակար կր դառնայ անոնց։ Վճոական ու հաստատամիտ մարդ է, բայց զթոտ ու բուխ սիրտ։ Հոգիով սրտով գոհուող ու ծաոայասէր եկեղեցական մը որ սկսած բարեգործաթիւն մր մինչեւ չաւարտէ՝ հանգիստ չ'ըներ։ Իր հոգեկան բաւարարութիւնր կր գտնէ ուրիշները երջանկացնելով։ Այս համողումով կր ձեռնարկէ որեւէ աշխատանքի։

Անկեղծ ու անշահախնդիր եղած է բոլորին հանէպ։ Իր քահանայագործութեան ընթացքին հոգեկան զօրաւոր կապուածութիւն մը ունեցած է իր սիրելի Քառասուն Մանուկ եկեղեցիին հանդէպ, որովհետեւ իր հայրենակիցներէն լսած է «Քառասուն Մանուկ մերունն է»։ Ւնչո՞ւ։ Որովհետեւ Հալէպի սասունցին այդ եկեղեցւոյ պահպանումին մէջ շատ մեծ դեր ունեցած է ցարերու ընթացքին եւ պայքարած է օտար համայնքներուն դէմ իր եկեղեցւոյ իրաւունքներր պաշտպանելու համար։ Այդ է նաեւ գլխաւոր պատճառը որ սասունցի քահանան այդ եկեղեցւոյ մէջ տիրական դէմքը դաոնայ եւ աչքի լոյսին պէս գուրգուրայ անոր բոլոր սպասներուն վրայ եւ Քառասուն Մանուկին համար յաւելեալ զոհողութիւններու յանձնաոու ըլլայ։

Գնահատանքներ

Խմբագրել

Իր նախանձախնդիր ու հաւատարիմ ըլլալուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի կրօնական ու քաղաքական Խառն Ժողովր զինք կր նշանակէ Աոաջնորդական Փոխանորդ։ Պատասխանատու պաշտօն մր, զոր կր վարէ աչայրջութեամբ ու պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ։

Աո ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան, ան կր պատուուի լանջախաչով։

Կր մահուան 26 Սեպտեմրեր 1897-ին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումր տեղի կ՚ունենան իր պաշտելի եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը կ'ամփոփուի նոյն եկեղեցւոյ բակին մէջ, իր հանգուցեալ հօր քով[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ26։