Մարաթուկ, Մարութայ, լեռ Սասունի մէջ։

Լերան վրայ կառուցուած է Մարութայ Սուրբ Աստուածածին վանքը։ Գարեգին Սրուանձտեանցը լեռը կ՛անուանէ «սուրբ եւ բարեպաշտ» եւ այն Սասունի ամբողջ ժողովուրդին համար՝ առաջին եւ վերջին ամենահաւաստի երդումը դարձած է[1]։

Ըստ աւանդութեան՝ Մարութայի պաշտամունքը խիստ կը զայրացնէր Անտոքին (սար Սասուն գաւառին մէջ, Հայկական Տաւրոսի գագաթներէն մէկը), եւ ան Մարութայ սարին մարտի կը հրաւիրէր։ Մարտի ժամանակ Անտոքը իր կայծակէ թուրով խփել, կը ճեղքէ Մարութայ սարի գլուխը, եւ այդ պատճառով ալ անոր ջղլագլուխ (զոյգ գլուխով) Մարաթուկ կ՛անուանեն։ Անտոքի հարուածէն վիրաւորուած Մարութայ սարը հսկայ ժայռ մը կը պոկէ իր կողերէն եւ կը խփէ անոր։ Ժայռը կը խրուի Անտոքի կուրծքը, կը թաղուի կողերուն մէջ. դուրս կը մնայ միայն ժայռի երկու ջրաղացաքարի չափ կտոր մը, որուն վրայ այժմ ալ կ՛երեւին Մարաթուկի ձեռքի հետքերը։

Յուլիս 2014-ին Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Դաղչիի խումբը Մարաթուկի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ նախաքրիստոնէական սեպագրութիւն կը յայտնաբերէ[2]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Կամար Աւետիսեան, Հայրենագիտական էտիւդներ, Երեւան, «Սովետական գրող», 1979 — 212, էջեր 212 — 356 էջ։
  2. Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցւոյ փլատակերուն վրայ 2000 տարուան հնութեան սեպագիր կը գտնեն